Հրշէջները Կը Փորձեն Հակակշիռի Տակ Առնել Աքրումի Լերան Անտառներուն Մէջ Բռնկած Հսկայական Հրդեհները

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը երէկ փորձեցին հակակշիռի տակ առնել Աքրումի լերան, Ուատի Խալետի եւ Սահլէ գիւղաքաղաքին մօտակայ անտառներուն մէջ բռնկած հսկայական հրդեհները:

Վերոնշեալ շրջաններուն մէջ անտառները կը տարածուին մէկ միլիոն քառ. մեթրի վրայ:

Սահլէի քաղաքապետ Ատնան Խաթիպ յայտնեց, որ աւելի քան 2500 ձիթենիներ արդէն իսկ վնասուած են հրդեհին պատճառով. ան աւելցուց, որ հրդեհը հասած է նաեւ գիւղաքաղաքին մէջ գտնուող կարգ մը բնակարաններուն եւ հրկիզած երկու բնակարաններ:

Խաթիպ շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն եւ բանակին, որոնք ամէն ջանք ի գործ դրին` հակակշիռի տակ առնելու համար հրդեհները:

Միւս կողմէ, սակայն, բարձր ջերմաստիճանին պատճառով հրդեհը դարձեալ բռնկեցաւ:

Աւելի ուշ յայտնուեցաւ, որ Կիպրոս Լիբանանի պիտի ուղարկէ հրշէջ ուղղաթիռներ` հակակշռելու համար Տըննիէի Սաֆիրա գիւղաքաղաքի պուրակին մէջ բռնկած հրդեհը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )