Ժոմպլաթ – Ֆրենժիէ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երկու օր առաջ ունեցան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին Ժոմպլաթ շեշտեց լիբանանեան բանակի հրամանատարին եւ սպայակոյտի պետին պաշտօնավարութեան երկարաձգումին անհրաժեշտութիւնը:
Նշենք, որ Ժոմպլաթի եւ Ֆրենժիէի միջեւ երկար ատենէ ի վեր յարաբերութիւնները խզուած էին:
Միւս կողմէ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն տեղեկութիւնները, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մարատա հոսանքին միջեւ գժտութիւն կայ:
CATEGORIES Լիբանանեան