Մաժտալ Այնճարի Մէջ. Բանակի Ջոկատ Մը Թակարդի Մէջ Կ՛իյնայ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երէկ բանակի մէկ ջոկատը Մաժտալ Այնճարի մէջ ներխուժում մը կատարած է եւ ձերբակալած բանակին դէմ յարձակում գործելու յանցանքով ամբաստանուած Ու. Խ.-ն:

Մաժտալ Այնճարէն դուրս գալու պահուն լսուած են կրակոցներ, սակայն բանակին շարքերուն մէջ վիրաւորներ չեն արձանագրուած:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ազհար-Պեքաայի ճամբուն վրայ բանակի ջոկատը թակարդի մէջ ինկած է եւ անծանօթներ անոր դէմ կրակած են` սպաննելով զինուոր մը եւ վիրաւորելով ուրիշ մը:

Share this Article
CATEGORIES