Վ. Սապունճեան Ընդունեց Հարաւային Ափրիկէի Դեսպանը

Սապունճեան` Հարաւային Ափրիկէի դեսպանին եւ հիւպատոսին հետ հանդիպման պահուն

Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հարաւային Ափրիկէի դեսպան Շուֆ Պինֆելտթը եւ հիւպատոս Ուաժիհ Պըզրին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները աշխուժացնելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ առեւտրական մարզին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ արտադրութիւնները փոխանակելու կարելիութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Լիբանանի եւ Հարաւային Ափրիկէի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները քննարկելու եւ գործադրելու կարեւորութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )