Վարչապետ Սալամ Շնորհաւորական Նամակ Մը Ստացաւ Իրանի Նախագահէն
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որ վարչապետին յանձնեց Իրանի առաջին փոխնախագահ սէյիտ Մոհամետ Ռիտա Ռահիմիի կողմէ շնորհաւորական նամակ մը` 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Լիբանանի արձանագրած յաղթանակին առիթով:
Հանդիպումէն ետք Ապատի յայտնեց, որ Սալամի հետ քննարկած է շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները` ընդգծելով լիբանանեան ազգային միասնականութեան եւ ապահովական կայունութեան պահպանման կարեւորութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

