Պըրրի. «Կարիքը Ունինք Ամէն Քայլի, Որ Երկրին Ապահովական Կայունութիւնը Պահպանելու Նպատակով Կ՛ամրապնդէ Բանակին Դերակատարութիւնը»

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին հաստատեց լիբանանեան բանակին զօրակցելու կարեւորութիւնը:

Պըրրի ընդգծեց, որ Լիբանանը կարիքը ունի ամէն քայլի, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով կ՛ամրապնդէ բանակին դերակատարութիւնը:

Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին` Պըրրի յայտնեց, որ ինք կը նախընտրէ ձեռնածալ մնալ` նկատի ունենալով, որ այդ իմաստով իր առաջադրած վերջին նախաձեռնութիւնը կասկածի տակ առնուած է:

Պըրրի ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը արգելակող բոլոր պատճառները առկայ են, եւ այս առումով ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպան Անթուան Շտիտ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )