Նախագահ Սլէյման Նամակ Մը Ստացաւ Ատլի Մանսուրէն
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Աշրաֆ Համտին, որ նախագահ Սլէյմանի յանձնեց նամակ մը` Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահ Ատլի Մանսուրէն:
Նամակին մէջ ներկայացուած էին Եգիպտոսի մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ յաջորդ հանգրուանի ճամբու քարտէսը, որուն շուրջ համաձայնած են Եգիպտոսի քաղաքական ուժերը:
Նամակին մէջ նշուեցաւ, որ Գահիրէ կառչած կը մնայ ժողովրդավարական դրութեան եւ պետական կարգ ու կանոնին եւ կուսակցական բազմազանութեան, որուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ վերջ տալ եգիպտացիներուն միջեւ սեռային եւ գաղափարական խտրութեան:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ հրաժարեալ կառավարութեան փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական կեանքը յուզող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ նախարարական տարբեր յանձնախումբերուն կողմէ ստանձնուած աշխատանքները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ, նախկին նախարար Ռեմոն Աուտէ եւ նախկին երեսփոխան Ժըպրան Թոք, որոնք նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեցին երկրին իրադարձութիւնները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Լիբանանի դրամատուներու սեփականատէրերու միութեան նախագահ Ֆրանսուա Պասիլ, որ նախագահ Սլէյմանը տեղեակ պահեց միութեան հետապնդած տնտեսական, քաղաքական եւ դրամատնային քաղաքականութեան մասին: Ան զօրակցութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանի կեցուածքներուն եւ ընդգծեց «Պաապտայի յայտարարութենէն» անշեղ մնալու յանձնառութիւնը:


