Ղոսըն Երկու Տարիով Երկարաձգեց Բանակի Հրամանատարին Եւ Սպայակոյտի Պետին Պաշտօնավարութիւնը
Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Ուալիտ Սալմանի պաշտօնավարութիւնը երկու տարիով երկարաձգեց:
Ղոսըն Եարզէի մէջ ընդունեց բանակի հրամանատարը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ բանակին կարիքները:
Բանակի հիմնադրութեան տօնին առիթով Ղոսըն յայտնեց, որ զօր. Քահուաժիի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումին նպատակն է կանխարգիլել բանակի հրամանատարի պաշտօնը թափուր դարձնելը, որովհետեւ անիկա Լիբանանի համար մահացու վտանգ մը պիտի ըլլայ:
Ղոսըն յայտնեց, որ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու առումով քաղաքական տարբեր կողմերուն ցուցաբերած գրեթէ ամբողջական համախոհութիւնը կը բխի անոնց մտահոգութենէն, որ անհրաժեշտ է պահպանել բանակը եւ երկիրը, անոր դիմագրաւած ներկայ վտանգաւոր պայմաններէն:
Միւս կողմէ, զօր. Քահուաժի բանակի հիմնադրութեան տօնին առիթով արձակած իր օրուան հրահանգին մէջ շեշտեց, որ
անիշխանութեան մտահոգութեամբ շատ մը որոշումներ տրուած են` աւելցնելով, որ նման որոշումներ չէին տրուեր, եթէ երկրին քաղաքական կեանքի օղակը ճիշդ ձեւով շրջան ընէր:
Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ բանակը կառչած կը մնայ երկրին սահմանադրութեան, որ բխած է երկրին Ազգային ուխտէն եւ որուն մէջ առաջնահերթութիւն կը ներկայացնեն Լիբանանի գոյութեան պահպանումը, ժողովրդավարութեան անհրաժեշտութիւնն ու արաբական եւ միջազգային ուխտերը յարգելու կարեւորութիւնը:
Զօր. Քահուաժի մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ պարզուած այսօրուան իրականութիւնը ըլլայ ուսանելի դաս մը, որպէսզի քաղաքական տարակարծութիւններուն անգամ մը եւս արտօնութիւն չտրուի` հակակշռելու սահմանադրական հաստատութիւններուն ճակատագիրը:
Զօր. Քահուաժի ընդգծեց օրէնքի ու կանոնի գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը եւ հաստատեց, որ բանակի տօնը իր հայրենիքին համար ծառայող իւրաքանչիւր զինուորի եւ սպայի տօնն է:
Նշենք, որ բանակը այսօր առաւօտեան զինուորական տողանցքով մը կը նշէ իր հիմնադրութեան 68-ամեակը:
Կը նախատեսուի, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Ղոսընի որոշումին մասին պաշտօնապէս յայտարարէ բանակի տօնին համար կազմակերպուած պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին:
Իսկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, քաղաքացիներու եւ արուեստագէտներու նախաձեռնութեամբ մը Նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի կ՛ունենայ ի նպաստ բանակին զօրակցական հաւաք մը:
Անկախ քաղաքական դիրքորոշումներէն, հաւաքը կը կրէ մէկ կարգախօս` «Ժողովուրդը կ՛ուզէ բանակը»:


