«Իրան Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Իր Ծրագիրը Ունի» Կ՛ըսէ Պաքուի Մէջ Իրանի Դեսպանը
Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհսեն Փաք Ային յայտարարած է, որ Թեհրան ղարաբաղեան տագնապի լուծման իր ծրագիրը ունի:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ ան այս յայտարարութիւնը կատարած է Ֆիզուլի շրջանի Հորատիզ բնակավայրին մէջ նոր սահմանային անցակէտի բացման արարողութեան ժամանակ:
Անդրադառնալով ղարաբաղեան տագնապի լուծման` դեսպանը ընդգծած է, որ այս խնդիրը պէտք է լուծուի ամէնէն կարճ ժամանակուան ընթացքին:
«Իրանը շահագրգռուած է այդ տագնապին շուտափոյթ լուծումով եւ մենք այդ ուղղութեամբ համապատասխան նախագիծեր ունինք», ըսած է Փաք Ային:
Իրանցի դիւանագէտը իր նշած նախագիծերուն մանրամասնութիւնները չէ ներկայացուցած:
CATEGORIES Հայկական