Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ընդունեց Ռուսիոյ Դեսպանը

Նախանցեալ օր Սուրբ Էջմիածինի մէջ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ընդունեց Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Իվան Վոլինքինը:

Հանդիպման ընթացքին վեհափառը շնորհաւորեց Ռուսիոյ դեսպանը իր նշանակման առիթով` իր աղօթքն ու բարեմաղթանքները բերելով անոր առաքելութեան յաջող իրականացման եւ արդիւնաւորման համար:

Գարեգին Բ.  կաթողիկոս անդրադարձաւ երկու երկիրներուն միջեւ դարերու ընթացքին ձեւաւորուած ջերմ յարաբերութիւններուն` արձանագրելով, որ երկու ժողովուրդներուն բարեկամութեան ամրապնդման գործին մէջ իր կարեւոր ներդրումը  ունի նաեւ հայ եկեղեցին:

Երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին տարբեր մարզերու մէջ յարաբերութիւններու յաւելեալ սերտացումը, ապա անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ հայ առաքելական եւ ռուս ուղղափառ եկեղեցիներու եղբայրական յարաբերութիւններուն եւ Ռուսիոյ հայկական համայնքին հոգեւոր կեանքին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )