Համաձայնագիր` Հայաստանի Եւ Գերմանիայի Միջեւ

Նախանցեալ օր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը Հայաստանի եւ Գերմանիոյ կառավարութիւններուն միջեւ գաղտնի տեղեկատուութեան փոխադարձ պաշտպանութեան մասին:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը փոխանցեց, որ հայկական կողմէն փաստաթուղթը ստորագրեց արտաքին գործոց փոխնախարար Զոհրապ Մնացականեան, իսկ գերմանական կողմէն` Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռայներ Մորել:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )