Անձնասպանութեան Նոր Դէպք` Հայկական Բանակին Մէջ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ երէկ «ԷՆ» զօրամասի ժամկէտային զինուոր, շարքային Մանուչար Մանուչարեան` գտնուելով պահակակէտի դիտաշտարակին վրայ, ըստ նախնական տուեալներու, անձնասպան եղած է օգտագործելով իրեն ամրակցուած «ԱՔՍ-74» տիպի զէնքը:

Փաստին առիթով Քրէական օրէնսգիրքի 110-րդ յօդուածին առաջին բաժինով` «Անձնասպանութեան հասցնելը», պաշտպանութեան նախարարութեան քննչական ծառայութեան մէջ յարուցուած է քրէական գործ եւ կը կատարուի նախաքննութիւն:

Զինուոր Մը Մահացու Վէրք Կը Ստանայ

Միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ նախանցեալ օր հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի մարտական դիրքերէն մէկուն վրայ, նախնական տուեալներով, հրազէնային մահացու վէրք ստացած է 20-ամեայ զինուոր Արման Մուրադեան:

Միջադէպին հետ կապուած մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Share this Article
CATEGORIES