«Հայաստանը Միակը Չէ, Որ Չէ Նշուած Միացեալ Նահանգներէն Օգնութիւն Ստացողներու Ցանկին Մէջ» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան
24 յուլիսին Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու տան` այլ պետութիւններուն յատկացուող գումարներուն մասին որոշումին մէջ Հայաստանի անկախութեան 21 տարիներուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով չէ նշուած Հայաստանին յատկացուող ճշգրիտ գումարին մասին:
Այս գծով ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյեան «Կալա» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ այլ պետութիւններու յատկացուող ընդհանուր գումարը կրճատուած է 20 առ հարիւրով եւ ընդգծեց, որ շատ ուղղակի հասցէագրումներ հանուած են, այսինքն ոչ միայն Հայաստանին յատկացուող յստակ գումարին մասին որոշում չկայ, այլ չկայ նաեւ Վրաստանին, չկան նաեւ տարբեր պետութիւններուն մասին: «Յատկանշական է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ գտնուող պետութիւններէն կայ միայն Լեռնային Ղարաբաղը: Անշուշտ, շատ աւելի լաւ պիտի ըլլար, եթէ Հայաստանը նշուէր ու նշուէր յստակ գումարը, սակայն չնշուիլը տակաւին չի նշանակեր, որ ատիկա արդէն կը ձգուի գործադիր իշխանութեան հայեցողութեան: Ասիկա պարզապէս կը նշանակէ, որ օրէնսդիրը չ՛ըսեր, որ գոնէ այսքան գումար պէտք է յատկացնել: Ասիկա է տարբերութիւնը, բայց կատարուածը տակաւին ոչինչ կը նշանակէ»:
Մանոյեան նաեւ ընդգծեց, որ Հայ դատի ամերիկեան գրասենեակը աշխուժօրէն կ՛աշխատի եւ հետագային ալ պիտի շարունակէ աշխատիլ, որպէսզի Միացեալ Նահանգներու գործադիր մարմինը գումար յատկացնէ Հայաստանին:
Մանոյեան շեշտեց, որ Հայաստանի իշխանութիւններն ալ իրենց ընելիքը ունին այս գծով, քանի որ շատ ծրագիրներ իշխանութիւններուն կ՛առնչուին եւ այնպէս չէ, որ բոլոր օգնութիւնները հասարակութեան ու հասարակական կազմակերպութիւններու կը տրուին: Ըստ անոր, Հայաստանի իշխանութիւնները եւս պէտք է յստակ ծրագիրներ ներկայացնեն, որպէսզի Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութիւններն ալ համոզուին, որ անոր կարիքը կայ, եւ աջակցին: