Քաղաքապետարանի Մօտ Նստացոյցը Կը Շարունակուի. Երէկ Թռուցիկներ Բաժնուած Են

Երեւանի քաղաքապետարանին մօտ կը շարունակուի շարք մը պաշտօնեաներու հրաժարականի պահանջով նստացոյցը:

Մասնակիցները թռուցիկներ բաժնած են`  տեղեկութիւններ ներկայացնելով  քաղաքային փոխադրամիջոցներու վարչութեան պետ Հենրիկ Նաւասարդեանի եւ «Երեւանթրանս» փակ բաժնետիրական ընկերութեան տնօրէն Միսաք Համբարձումեանի վերաբերեալ, որոնք ոչ միայն պաշտօն կը վարեն, այլեւ երթուղայիններու գծատէրեր են, իսկ օրեր առաջ` շարժման ժամանակ հայհոյած եւ վիրաւորած են քաղաքացիները: «Նման արժէքներ կրող մարդիկ չեն կրնար պաշտպանել մեր շահերը», ըսուած է թռուցիկին մէջ: Այս մասին կը յայտնէ News.am-ը:

Քաղաքապետարանին առջեւ կանգնած ոստիկանները փորձած են խոչընդոտել թռուցիկներու բաժանումը: Մասնակիցներուն համաձայն, Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակիցներուն մէկ մասը հրաժարած է առնելու թռուցիկները, իսկ մի քանին ալ վախնալով առած են եւ արագօրէն նետած աղբարկղերը:

Յայտնենք, որ արդէն 6-րդ օրն է, որ «Չենք վճարելու 150 դրամ» նախաձեռնութեան գործիչները քաղաքապետարանին առջեւ նստացոյց կազմակերպած են, եւ ի շարս այլոց իրենց պահանջներուն մէջ իբրեւ առաջնային խնդիր կը նշուի փոխադրամիջոցներու վարչութեան պետ Հենրիկ Նաւասարդեանը եւ «Երեւանթրանս» փակ բաժնետիրական ընկերութեան տնօրէն Միսաք Համբարձումեանը պաշտօնանկ ընելու պահանջը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )