Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Բնաւ մի՛ մտահոգուիք, եթէ ձեր սրտին սիրած անձը ձեր ընտանիքին ներկայացնելու հարց ունենաք: Ամէն ինչ պիտի ընթանայ յաջող:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պատանիներուն կամ ձեր զաւակներուն սորվեցուցէք կեանքին արժէքը: Անոնք չկարծեն, որ ամէն ինչ իրենց վրայ պիտի մնայ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հիանալի եռանդ ունիք, ոգեւորուած էք: Ձեր խանդավառութիւնը օգտագործեցէք դրական արդիւնքներ ձեռք ձգելու համար: Պիտի յաջողիք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ունիք գէշ սովորութիւններ, պէտք է զանոնք թօթափէք, բան մը, որ կրնաք: Մտածեցէք դրական նախաձեռնութիւններու եւ լաւ բարեկամութեան մասին: Համակրանք ստեղծեցէք ձեր շուրջը:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ծրագիր մը ունիք, որուն յաջող իրագործման համար պիտի ստանաք կարեւոր օժանդակութիւն մը` անակնկալ կերպով: Օրը սքանչելի է:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր ասպարէզին ընթացքը կամ ճամբան փոխելը ներկայի այժմէականութեան չի յարմարիր: Շարունակեցէք այն, ինչ որ էք եւ կրնաք կատարել:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Այսօր պիտի կարենաք մշակութային գործ մը կատարել: Ընթերցանութիւն կատարեցէք, կամ ընկերային ձեր շրջանակին մէջ պատմութիւն մը պատմեցէք: Ձեր ունկնդիրները պիտի խանդավառուին նոր միտքերով:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Առաջարկ մը կամ խնդրանք մը կատարեցէք ձեր ասպարէզին մէջ յառաջդիմութիւն մը ստանալու համար: Պիտի լսեն ձեր խնդրանքը: Պիտի յաջողիք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Անհամաձայնութիւն մը պատճառ պիտի ըլլայ խնդիրներ ստեղծելու: Որքան որ կրնաք, մնացէք հանդարտ, որպէսզի հարցը չբարդանայ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հեռու կեցէք գիտութեան շնորհած արհեստագիտական աշխատանքներէ, նոր սարքեր օգտագործելէ: Հանգիստի պէտք ունիք, հանգստացէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Սիրալիր վերաբերումներ պիտի ստանաք, որովհետեւ սիրուած էք: Ձեր կարգին փոխադարձեցէք այս սէրը, որպէսզի ներդաշնակութիւն ըլլայ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Անցեալի մասին որքան ալ լուռ մնաք, ուրիշներ պիտի յայտնեն ճշմարտութիւնը: Անկեղծ եղէք ամէն պարագայի:

Share this Article
CATEGORIES