50 Տարի Առաջ (2 Օգոստոս 1963)

Հայ Կեանքը Այնճարի Մէջ

Շնորհաւորական այցելութիւններ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ լիբանանահայ թեմի նորընտիր առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեանը շնորհաւորելու եւ իրենց հաւատարմական ուխտը ներկայացնելու համար հինգշաբթի, յուլիս 25-ին, երկու տասնեակ հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ Պէյրութ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Վահան Ա. քհնյ. Քենտիրճեանն ու Նարեկ քհնյ. Շրիգեան, տեղւոյս կուսակցական մարմինը, թաղական խորհուրդը, Ազգային «Յառաջ» բարձրագոյն վարժարանի հոգաբարձութիւնը, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շինութեան յանձնախումբը, «Յառաջ» վարժարանի ուսուցչական կազմը, թաղապետներ եւ ազգայիններ:

Սրբազան հայրը Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ հայրական գուրգուրանքով եւ մեծ սիրով ընդունեց մեզ: Պատուիրակութեան անդամները համբուրեցին սրբազանին Ս. աջը ու ստացան անոր հայրական օրհնութիւնները: Պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ շատ գոհ եւ ուրախ տրամադրութեամբ:

Սրբազան հայրը խոստացաւ օգոստոս 4-ին, կիրակի, իր անդրանիկ այցելութիւնը տալ Այնճարի հայութեան: Նոյն օրը Ս. Պօղոս նորակերտ եկեղեցիին մէջ աւուր պատշաճի քարոզ պիտի խօսի իր սիրեցեալ եւ հաւատացեալ հօտին: Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք հիմնարկէքը պիտի կատարէ Ազգային «Յառաջ» բարձրագոյն վարժարանի Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններուն: Այս զոյգ դասարանները կը կառուցուին տէր եւ տիկին Մովսէս Մախուլեաններու սրտաբուխ նուիրատուութեամբ: Սրբազան հայրը այդ յիշատակելի օրը պիտի անցընէ Այնճարի հայութեան հետ եւ Այնճարի հայութեան համար:

Վերոյիշեալ պատուիրակութիւնը կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին նոյնութեամբ ժամանած էր Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը` շնորհաւորելու համար շրջանի նորընտիր քաղաքապետ Յակոբ Աշճեանը: Շնորհաւորութիւնները տեղի ունեցան ջերմագին մթնոլորտի մը մէջ, փոխադարձ բարեմաղթութիւններով:

Քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններ.- Այնճարի քաղաքապետութիւնը ընտրուեցաւ համերաշխօրէն կազմուած միակ ցանկով մը: Սա կը նշանակէ, թէ Այնճարի հայութիւնը միակամ է ու գիտէ արժեցնել ինքզինք: Միասնականութեան այս ժեսթը պատիւ կը բերէ թէ՛ Այնճարի հայութեան եւ թէ՛ հայ ժողովուրդին:

Քաղաքապետական կազմը հետեւեալն է. քաղաքապետ` Յարութիւն Շերպեթճեան, անդամներ` Մովսէս Մախուլեան, Կարապետ Քէօսէեան, Մկրտիչ Քենտիրճեան, Սարգիս Գալուստեան, Յակոբ Հանտեան, Վահան Քէշիշեան, Մովսէս Այնթապեան, Փանոս Աբրահամեան, Մովսէս Ճամպուլեան եւ Յովհաննէս Իսկեճեան:

Թաղապետներու ընտրութիւնը կատարուեցաւ ամսոյս 21-ին, շատ խաղաղ պայմաններու տակ: Ժողովուրդը մարզական ոգիով մօտեցաւ քուէատուփերուն: Թաղապետ ընտրուեցան` Սերոբ Քէօսէեան, Սեդրակ Գալուստեան, Եսայի Սըգայեան, Իսկենտեր Թասլագեան, Յակոբ Աշգարեան եւ Աթանաս Գասամանեան: Շնորհաւորութիւններ:

Յ. Գ. ՊՈՒՐՍԱԼԵԱՆ

(Այնճար)

 

Առածներ Առողջութեան Մասին

Առողջութիւնը երկնաւոր եւ ամենաթանկագին պարգեւ մըն է մարդուն համար:

– Առողջութիւնն է համ տուողը կեանքին, ուժ տուողը սրտին, խելքին, ձեռքին, երգ տուողը` բերնին:
– Առողջութեան պահպանումը կը սատարէ հոգիին կենսունակութեան:
– Մարմնի եւ հոգիի կենսունակութիւնը անհրաժեշտ է իտէալի մը իրականացման, գործի մը յաջողութեան համար:
– Առողջութեան տէր ըլլալու համար պէտք է գիտնանք մեր տոկունութեան սահմանը:
– Առողջութեան վնասող ազդակներ են` քէնը, ոխը, նախանձը, բարկութիւնը, ատելութիւնը, թշնամութիւնը, չարութիւններ եւ մոլութիւններ:
– Առողջութիւնը պէտք ունի հոգածութեան:
– Առողջութեան վիճակին անգիտակ մնալը սպառնալիք մըն է անոր:
– Առողջ եւ երկարակեաց ըլլալ, զօրաւորներէն աւելի, ժուժկալներուն բաժինն է:
– Առողջութեան ներկայութիւնը ցաւի եւ տառապանքի բացակայութեամբ կը չափուի:
– Առողջութիւնը կրնայ պահել իր հմայքը մինչեւ խոր ծերութիւն:
– Առողջութեան կորսուելէն ետքը անոր յարգը յայտնի կ՛ըլլայ:
– Առողջութեան համար էական պայման է ուտել գիտնալը: Արագ եւ շատ ուտելը կը վնասեն առողջութեան:
– Առողջութիւնը կը խանգարուի, երբ մարդ իր կենսունակ ուժերը սպառէ մոլութեամբ, եւ սնանկացած մարմինը եւ հոգին կորսնցնեն իրենց հաւասարակշռութիւնը:
– Առողջութեան համար անհրաժեշտ է ուրախ տրամադրութիւնը, համակրութիւնը մեր շուրջիններուն:
– Առողջ ապրիլը ունի իր սկզբունքները, զորս ամէն մարդ պէտք է սորվի եւ գործադրէ իր մարմնի եւ հոգիի պահանջներուն համաձայն, փորձառութիւն եւ խելք գործածելով:
– Առողջութիւնը կանխարգելիչ միջոցներով պահպանել աշխատիլը աւելի լաւ արդիւնք կու տայ, քան` կորսնցնելէ ետք զայն վերագտնելու աշխատիլը:
– Առողջութիւնն ալ, խելքի եւ ձիրքի նման, անհաւասար բաժնուած է. ոմանք առողջ են, ոմանք վատառողջ, ոմանք` տոկուն, կենսունակ ուժեր ունին, ոմանք` տկար:
– Առողջութեան էական պայմանը զգուշ եւ խոհեմ ապրելու մէջն է. ըլլայ ան առողջ ծնածներուն համար, ըլլայ` վատառողջ:
– Առողջութեամբ հարուստ ծնածները կրնան անզգուշ եւ անխոհեմ ապրելակերպով հիւանդոտ եւ կարճակեաց ըլլալ, աղքատ ծնածները` առողջ եւ երկարակեաց:

ԱՒԵՏԻՍ ԹԷՔԷԵԱՆ

Մասիս

 

Share this Article
CATEGORIES