ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

«ՆԱՀԱՐ»

– Անդրադարձ` Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցած սուրիական ընդդիմութեան խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին կոչ ուղղուեցաւ տապալելու սուրիական վարչակարգը:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Տիար», «Լիուա», «Ախպար» եւ «Անուար» օրաթերթերը)

– Լրատուութիւն` Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ Տիգրանակերտի մէջ կատարուած այն յայտարարութեան մասին, թէ այդ շրջանը պիտի բարգաւաճի եւ պիտի դառնայ զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը գրաւող շրջան մը:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Պայրաք», «Շարք» եւ «Լիուա» օրաթերթերը)

– Լրատուութիւն` Ճարտարարուեստի մարզի տէրերու միութեան արտածումի բաժանմունքի տնօրէնին եւ թուրք առեւտրականներու պատուիրակութեան մը միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին մասին:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Տիար», «Սաֆիր», «Տէյլի Սթար» եւ «Անուար» օրաթերթերը)

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ»

– Լրատուութիւն` Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք  նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի կողմէ Քերքուք կատարելիք հաւանական այցելութեան մասին:

– Անդրադարձ` Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ղեկավարած կուսակցութեան արձանագրելիք ջախջախիչ յաղթանակին:

«ՍԱՖԻՐ»

– Լրատուութիւն` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի կողմէ կատարուած այն յայտարարութեան մասին, թէ Սուրիոյ իրադարձութիւնները մեծ վտանգներ կրնան ունենալ Թուրքիոյ վրայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES