ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՈՒԻԼԻԸՄԶԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Վերտանի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները եւ շրջանային զարգացումները:
Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի վերահաստատեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մէկ զօրամասը թիրախ դարձուցած անարգ պայթումին դատապարտումը` դրուատելով բանակին հետ գործակցաբար ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ի գործ դրած ջանքերը` երաշխաւորելու հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:
Միքաթի նկատել տուաւ, որ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է ապահովական մարմիններուն պատասխանատուներուն հետ եւ յառաջիկայ կիրակի օրուան ցոյցին մանրամասնութիւնները քննարկած անոնց հետ:
Վարչապետը նաեւ հաստատեց, որ անհրաժեշտ է պահպանել սահմանային կայունութիւնը եւ առիթ չտալ, որ Իսրայէլ շարունակէ պաղեստինցի գաղթականներուն դէմ իր յարձակումները եւ ոտնձգութիւններ գործէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:
Հանդիպումէն ետք Ուիլիըմզ իր կատարած յայտարարութեան մէջ նկատել տուաւ, որ ինք ուրախ է, որ Միքաթի ընդունած է զինք, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետին կողմէ ՖԻՆԻՒԼ-ի դէմ պայթումը դատապարտելուն առիթով:
Ուիլիըմզ յայտնեց նաեւ, որ ինք գոհ կը զգայ եւ կ՛ողջունէ Միքաթիի կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ Լիբանան կառչած կը մնայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան: «Հակառակ քստմնելի պայթումի մը թիրախ դառնալու իրականութեան, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը նախանձախնդիր են հարաւի մէջ իրենց առաքելութեան գործադրութեան եւ յանձնառու կը մնան իրենց ստանձնած պարտականութիւններուն», ըսաւ ան:
Այս ծիրին մէջ Ուիլիըմզ շեշտեց նաեւ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան կողքին կառչած կը մնան նաեւ, որ բոլոր կողմերը յարգեն սահմանային Կապոյտ գիծը:
Պատասխանելով կիրակի օր տեղի ունենալիք պաղեստինեան ցոյցին մասին իր մտահոգութեան ակնարկող հարցումի մը` Ուիլիըմզ յայտնեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած է այդ հարցը` շեշտելով, որ իրենք չեն փափաքիր, որ սահմանային շրջաններուն մէջ 15 մայիսի ողբերգութիւնը կրկնուի, հակառակ այն իրողութեան, որ իրենք կը զօրակցին իր իրաւունքներուն համար ցոյց մը կատարելու պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքին:
ՆԱՔՈՒՐԱՅԻ ՄԷՋ
Միւս կողմէ, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու Ռաս Նաքուրայի կեդրոնին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ եռակողմանի հանդիպում մը` լիբանանեան բանակին, իսրայէլեան ուժերուն եւ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ` նախագահութեամբ` ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթայի:
ՖԻՆԻՒԼ-ի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը նկատել տուաւ, որ հանդիպումին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուած է 15 մայիս 2011-ին լիբանանեան-իսրայէլեան սահմանամերձ Մարուն Ռաս գիւղաքաղաքին մէջ արձանագրուած միջադէպը:
Հաղորդագրութեան մէջ նկատել տրուեցաւ, որ նիստին ընթացքին զօր. Ասարթա շեշտած է, որ կատարուած քննարկումները պիտի օժանդակեն 15 մայիսի միջադէպին վերաբերող հետաքննութիւնը աւարտելու:
«Հանդիպումին ընթացքին Ասարթա ընդգծած է, որ ամէն ջանք ի գործ պէտք է դրուի` կանխարգիլելու համար ապագային ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի հաւանական խախտումները, որպէսզի նաեւ քաղաքացիներուն շարքերուն մէջ զոհեր չարձանագրուին եւ սահմանային Կապոյտ գիծը մնայ հանդարտ ու խաղաղ` հեռու որեւէ տեսակի մագլցումներէ», նշուեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի հաղորդագրութեան մէջ:
ՆՇԵՆՔ, որ իսրայէլեան ուժերը իրենց կարգին ապահովական միջոցառումներու դիմեցին հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջաններուն մօտակայքը` նկատի ունենալով յառաջիկայ կիրակի օր տեղի ունենալիք պաղեստինեան ցոյցերը:
ՅԱՅՏՆԵՆՔ, որ յառաջիկայ կիրակի օր արաբեւիսրայէլեան պատերազմին ընթացքին արաբական երկիրներուն կրած պարտութեան յիշատակին նուիրուած ցոյցին առիթով, լիբանանեան բանակին կողմէ որդեգրուած են քայլեր` սահմանային Կապոյտ գիծը զինուորական գօտիի վերածելու` բոլոր ցուցարարներուն ապահովութիւնը պահպանելու նպատակով: