ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԱՐԱԲ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շեշտեց, որ արաբական մակարդակի վրայ պէտք է գործակցութիւնը ամրապնդել գրեթէ բոլոր մարզերուն, յատկապէս հաղորդակցութեան միջոցներու մարզին մէջ` նկատի ունենալով, որ այդ մարզը ինքզինք իբրեւ առաջնահերթութիւն պարտադրած է` արհեստագիտութեան բարգաւաճման իմաստով:
Նախագահական պալատին մէջ նախագահ Սլէյման ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու արաբ նախարարները, որոնց հետ քննարկեց հաղորդակցութեան միջոցներու մարզին վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ նոյն մարզին վերջին զարգացումները:
Նախագահ Սլէյման ողջունեց նախարարներուն աշխատանքը եւ անոնց փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները` յառաջդիմութեան եւ յաւելեալ զարգացումի ու բարգաւաճման առումով:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի գործավար նախարար Մոհամետ Սաֆատի: Քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Պէյրութի փառատօնի մէկ պատուիրակութիւնը, որ նախագահ Սլէյմանի հովանաւորութիւնը խնդրեց 16-26 յունիս տեղի ունենալիք փառատօնի ձեռնարկներուն համար:
Միւս կողմէ, Պաապտայի այցելուները «Ախպար Եաում» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ արտաքին խորհուրդներ տրուած են շրջանցելու Լիբանանի մէջ տիրող անիշխանութեան մթնոլորտը եւ անպայման կազմելու կառավարութիւն մը:
Այս ծիրին մէջ, նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը դարձեալ բարձր կրակի վրայ դրուած են` աւելցնելով, որ նախագահական պալատին կողմէ կառավարութիւնը կազմելու խոչընդոտները վերացած են` ներքին գործոց նախարարի անունին շուրջ գոյացած համաձայնութենէն ետք:
Նախագահական պալատի այցելուները ընդգծեցին, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի Պաապտա կատարելիք այցելութեան առումով ցարդ ժամկէտ մը չէ ճշդուած. անոնք շեշտեցին նաեւ, որ այդ մէկը որեւէ ատեն կարելի է իրագործել:
ՆՇԵՆՔ, որ կառավարութեան կազմութեան առումով վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ վարչապետը իր կարելին կ՛ընէ այդ իմաստով, սակայն քաղաքական ուժերը իրենց կարգին պէտք է անպայման օժանդակեն եւ դիւրացնեն այդ աշխատանքը: