ՊՔԵՐՔԷԻ ՄԷՋ ՄԻՋՄԱՐՈՆԻԱԿԱՆ ԸՆԴԱՐՁԱԿ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Միջմարոնիական ընդարձակ հանդիպումին ներկաները

Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, մարոնի համայնքը ներկայացնող 38 պատասխանատուներ, որոնց շարքին` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ, երէկ առաւօտեան մասնակցեցան միջմարոնիական ընդարձակ նիստին, որ տեղի ունեցաւ Պքերքէի մէջ:

Ռայի պատրիարքը նիստին բացումը կատարեց ողջունելով ներկաները եւ շեշտելով սիրոյ ու գործակցութեան հիման վրայ աշխատելու կարեւորութիւնը:

Նիստէն ետք մարոնի առաջնորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս կարդաց եզրափակիչ հաղորդագրութիւնը, որ շեշտեց, թէ հողին պահպանումը եւ պետական պաշտօններու պարագային համայնքային հաւասարակշռութեան վերահաստատումը մարոնի բոլոր պատասխանատուներուն միջեւ տարակարծութեան հարց չէ:

Այս առումով եզրափակիչ հաղորդագրութիւնը նկատել տուաւ, որ պէտք է հողերը պահպանել` պահելու համար նաեւ  Լիբանանի բազմազանութեան երկիր ըլլալու  իւրայատկութիւնը:

Մազլում նկատել տուաւ, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են հիմնական երեք կէտեր` ազգային մակարդակի վրայ քրիստոնեաներուն միջեւ գործակցութիւնը, հողերու պահպանումը եւ պետական պաշտօններ ստանձնելու առումով տարբեր համայնքներուն միջեւ հաւասարակշռութեան պահպանումը:

Հողի պահպանումին մասին խօսելով` հանդիպումին ընթացքին գերապայծառ Քամիլ Զայտան ներկայացուց թուային բացատրութիւններ` իրենց հողերն ու տուները վաճառող քրիստոնեաներուն մասին, հիմնականին մէջ նկատի ունենալով 2005-2009 երկարող ժամանակաշրջանը:

Այս մասին իր տեղեկագիրին մէջ գերապայծառ Զայտան յայտնեց, որ Պաալպեքի մէջ քրիստոնեաներուն կողմէ վաճառուած կալուածներուն տարածութիւնը հասած է 48 միլիոն քառ. մեթրի, Զահլէի մէջ` 16 միլիոն քառ. մեթրի, իսկ Արեւմտեան Պեքաայի մէջ` 14 միլիոն քառ. մեթրի:

Պետական պաշտօններ ստանձնած քրիստոնեայ համայնքի զաւակներուն համեմատութեան մասին հայր Թոնի Խատրա ներկայացուց տեղեկագիր մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ա., Բ. եւ Գ. կարգի պետական պաշտօններ ստանձնած քրիստոնեաներուն թիւը կը հասնի 36 առ հարիւրի, իսկ Դ. եւ Ե. կարգի պետական պաշտօններուն պարագային թափուր մնացած քրիստոնէական տեղերուն համեմատութիւնը կը հասնի 80 առ հարիւրի:

Մազլում եպիսկոպոս աւելցուց, որ հանդիպումին ընթացքին տիրած է սիրալիր եւ փոխադարձ  յարգանքի մթնոլորտ:

Նիստին ընթացքին կազմուեցաւ յանձնախումբ մը, որ պիտի համադրէ եւ հետապնդէ ընդարձակ հանդիպումին աշխատանքները:

Յանձնախումբին մաս կազմեցին երեսփոխաններ Էլի Քէյրուզ, Էլի Մարունի, Էլի Աուն, Սիմոն Ապի Ռամիա, Էմիլ Ռահմէ, Ֆուատ Սաատ եւ Հատի Հպէյշ:

Նշենք, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ մեկնումի պահուն յայտնեց, որ կան հարցեր, որոնք լուծման կը կարօտին: «Ճիշդ է, որ նախորդ 30 տարիները ծանր էին քրիստոնեայ համայնքին համար, սակայն սխալ է ըսել, թէ Լիբանանի մէջ անոնց գոյութիւնը վտանգուած է», ըսաւ ան:

 

Share this Article
CATEGORIES