Գէորգ Ղազարեանի Խումբը` Յաղթական
«Չեմփիընզ Լիկ»-ի զտումի մրցումներու երրորդ հանգրուանին իրարու դէմ ճակատեցան Ղազախստանի Շախտիոր Քարականտի ակումբը եւ ալպանական Սքենտերպոն:
Յիշեցնենք, որ ղազախական ակումբին մաս կը կազմէ Հայաստանի հաւաքականի մարզիկ Գէորգ Ղազարեան եւ ան այս խաղին մասնակցեցաւ ամբողջ 90 վայրկեան:
Շախտիոր Քարականտի Ղազախստանի մէջ երթի մրցումին 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ալպանիոյ ախոյեան խումբը: Այս արդիւնքէն ետք շատ մեծ է հաւանականութիւնը, որ Ղազարեանի խումբը անցնի յաջորդ եւ զտումի վերջին հանգրուանին:
CATEGORIES Մարզական


