«Հայաստան 2014 – Երիտասարդական Մայրաքաղաք»
Հայաստանի Հանրապետութեան 2014 թուականի երիտասարդական մայրաքաղաք մրցումի կազմակերպչական կոմիտէն Հայաստանի մարզական եւ երիտասարդական հարցերու փոխնախարար Արսէն Քարամեանի գլխաւորութեամբ կատարած է իր հերթական նիստը:
Հայաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան լրատուական ծառայութիւնը հաստատեց, որ նիստի ընթացքին երկու թեկնածուներ որոշուեցան այս մրցումը հիւրընկալելու համար. Սիսիան եւ Էջմիածին: Նաեւ հաղորդուեցաւ, որ ժողովին քննարկուեցան կազմակերպչական տարբեր հարցեր:
1-3 օգոստոս երեք օրուան վրայ yeritasardakan.am կայքէջին վրայ օնլայն քուէարկութիւն տեղի պիտի ունենայ եւ ասոր վրայ պիտի աւելնայ փորձագէտներու եւ կազմակերպչական կոմիտէի ներկայացուցիչներու ուսումնասիրութիւնն ու գնահատականը, եւ այս բոլորին հիման վրայ պիտի որոշուի 2014 թուականի Հայաստանի երիտասարդական մայրաքաղաքը:


