Մխիթարեան Վերսկսաւ Մարզուելու

Հենրիխ Մխիթարեան

Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ, հայազգի ֆութպոլիստ Հենրիխ Մխիթարեան վերադարձաւ խումբ եւ վերսկսաւ իր առաջին փորձերուն:

Ան արդէն մարզուելու սկսաւ խումբի հիմնական կազմին հետ, սակայն ինչպէս կը տեղեկացնեն խումբին բժիշկները, ան դաշտ պիտի վերադառնայ Գերմանիոյ ախոյեանութեան երկրորդ հանգրուանի խաղին, երբ Տորթմունտ կը մրցի Այնթրախտ Ֆրանքֆուրթի դէմ:

Յիշեցնենք, որ Մխիթարեան յուլիսի կիսուն բարեկամական մրցումի մը ընթացքին վիրաւորուեցաւ եւ չորս շաբաթով պիտի բացակայէր դաշտերէն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )