Հալէպի Առօրեայի Ժխտականներուն Դրականները

Հալէպահայ գրող Մարուշ Երամեան կը գրէ հալէպահայերու առօրեայ կեանքի դժուարին օրերուն մէջէն երեւացող դրական երեւոյթներու մասին, երեւոյթներ, զորս կրնայ նկատել միայն գրողի մը նրբազգաց հոգին:

– Շրջափակում է, պտուղ չկայ, կանաչեղէն չկայ, հետեւաբար նաեւ … աղբ չկայ, կամ` նուազ կայ:

– Հոսանք չկայ, հեռատեսիլ չկայ, համացանց չկայ: Մարդիկ վերագտան իրենց բարեկամները եւ զրուցելու սովորութիւնը:

– Մեր ապրածը կեանք չէ, սպասում մըն է, ուր ջղայնութիւնը արդիւնք չի տար: Բոլորս միասին (միաբերան պիտի ըսէի) համբերել սորվեցանք:

– Ամբողջ գիշերը ռումբերու տեղատարափ էր:

Առտուն հարսանեկան ինքնաշարժ մը կը զարդարուէր ծաղկավաճառի խանութիւն առջեւ: Ուրեմն մի՛շտ Կեանքն է յաղթականը, որովհետեւ թէեւ մարդիկ մեծաքանակ կը մեռնին, բայց մարդկութիւնը անայլայլ ու անվեհեր կը շարունակէ տեւել:

– Մինչեւ հիմա երէցները կը գանգատէին համացանցին վտանգներէն եւ Դիմատետրին թեթեւութենէն: Հիմա բոլորս ալ կը գուրգուրանք անոնց վրայ, որովհետեւ ընկերային հանդիպումներու մեր միակ վայրն են անոնք:

– Ի վերջոյ շուկան երեւցան պանիրն ու մածունը, որոնց համը փոշո՞տ էր, թէ՞ համի մեր զգայարանքը փոշոտեր էր: Փառք Աստուծոյ, որ այսքանն ալ կայ: Եղածով գոհանալու այս կեցուածքը աւելի լաւին հասնելու մեր ձգտումը կը սանձէ:

Այստեղ արդէն ժխտականներն ու դրականները կը մերժեն հաւասարումի գալ:

– Առանձին վախնալը շատ աւելի վախնալիք է, քան` միասին վախնալը:

Գոնէ բոլորս միասին ենք տակաւին:

– Պենզին չկայ: Փողոցներուն մէջ ինքնաշարժներ գրեթէ չկան: Թաքսիները շատ սուղ են:

Քաղաքը ամբողջ զարդարուած է հետիոտն կիներուն գոյնզգոյն հովանոցներով եւ աղջիկներուն գեղեցիկ գլխարկներով:

– Մամուլի բոլոր միջոցներն ալ վստահելի չեն: Մարդիկ սկսան աշխատցնել իրենց ուղեղները` փոխանակ տրուած լուրերը հալած իւղի պէս կլլելու:

– Ճաշ եփելու պարտադրանք եւ միջոց ա՛լ չկայ. ի՛նչ որ գտնենք, անիկա կ՛ուտենք:

Եւ խոհանոցս միշտ կոկիկ է ու գեղեցիկ, պատկերի մը պէս:

– Կիրակի առաւօտ է, եկեղեցւոյ զանգերու ղօղանջ, մինարէէն ալլահու աքպար եւ ռումբերու խլացուցիչ որոտում: Եռանկիւն, որուն երրորդ անկիւնը չի փակուիր, եռանկիւն չի կազմեր:

Կեանքի անհեթեթ եռանկիւններէն մէկը:  Կ՛երեւի այսպէս է, որ մարդ կեանքը հոլովել ու խոնարհել կը սորվի:

– Ամբողջ գիշերը ռումբեր էին եւ մժեղներ: Չես գիտեր ինչի՞ մասին մտածես` ռումբերո՞ւն, թէ՞ մժեղներուն: Պատշգամ կ՛ելլես յանձնուելու փչող հովին. միակը, որ մեր մասին կը մտածէ այս օրերուն: Բայց երբ կը յիշես հաւանական բեկորը, որ կրնայ կեանքիդ թելը կտրել, ներս կը վազես եւ օրօր կը թուի ռումբերուն ձայնը եւ համբոյր` մժեղներուն խայթոցը:

– Ինչպէ՞ս կարելի է չարով շրջապատուած ըլլալ եւ շարունակել բարիին հաւատալ:

Անհաւատներն ալ սկսեր են աղօթել:

– Ո՞վ կը հաւատայ աղօթքի զօրութեան:

Կը բաւէ «աղօթել»` կեանքը ապրելով:

– Բայց կեանքը վաղուց գացեր է քովի թաղը եւ առանց մեզի կը խաղայ:

Ո՞վ որո՛ւ հետ կը խաղայ … Հալէպը, երկրագունդի մշտականօրէն բնակուած քաղաքը, համաշխարհային երկու պատերազմ եւ կործանիչ երկրաշարժ տեսած քաղաքը կանգուն էր մինչեւ այն պահը, որ մարդը, Աստուծոյ ստեղծած ասունը որոշեց քանդել զայն: Եւ յաջողեցաւ սպասուածէն շատ աւելի կարճ ժամանակի մը մէջ: Իսկապէս հիանալի է մարդուն կարողութիւնը:

– Ագռաւները քաղաքիս երկնքին վրայ կը կռնչեն անվհատ ու երկար:

Եկեղեցւոյ զանգերը այնքա՜ն անկարող կը թուին: Յանկարծ` ծնող երեխայի մը ճիչը, եւ կեանքը, մեծ ճիգով, կը փորձէ իր տարտղնուած իմաստները հաւաքել:

– Քաղաքիս համատարած գորշութեան վրայ ժպիտի պղպջակներ կը ծաղկին ամէն անգամ, որ սիրող զոյգ մը, ձեռք ձեռքի, անցնի փողոցներէն: Ու երբ բանուկ փողոցներուն վրայ շատ ըլլան այդ պղպջակները, անցորդները իրենք ալ կը վարակուին ժպիտով:

Սէրը` պատերազմին մէջ:

– Կ՛ըսուի, թէ այսօրուան հրասանդի երկու ռումբերը ինկած են մօտակայքը «Վ. Կիւլպէնկեան» մայրանոցին (Նոր Գիւղ), ուր վերջերս փոխադրուած էին Հայ ծերանոցին ծերերը:

Խե՜ղճ ծերեր, ով գիտէ` քանիներ լեղաճաք եղան եւ մեռան:

Նոյն ռմբակոծումին տակ Կարինէն` աղջկաս ընկերուհին ծնունդ տուաւ զոյգ զաւակներու:

Մահը իր ճամբով, կեանքը` իր: Այդպէս չե՞ն ըսեր:

– Գեղեցիկ առաւօտ է եւ սուտ են բոլոր լրատուական կայանները. ո՞վ կը հաւատայ պատերազմին նման առաւօտի մը մէջ…

– Որքան երկար է օրը եւ անհատնում` քսանչորս ժամերը, երբ զանոնք կը հաշուես գացող ռումբերով եւ եկող հրթիռներով: Ընթացքին` կ՛ապրինք: Երէկ տարեդարձի գացի:

– Հալէպի ամառնային զովութիւնը նոյնն է, եռանդը երիտասարդներուն նոյնն է, երկնքին խորունկ կապոյտը, զոր օր մը Ալիծը ծալեց, գրպանը դրաւ եւ հետը հեռու Ամերիկա տարաւ, նոյնն է, միայն քաղաքն է վիրաւոր, օրերն են տենդով հիւանդ եւ ապրիլն է զառացանք. բայց կեանքը իր ուրախութեան եւ ցաւի տատանող նժարներով նոյնն է, մի՛շտ նոյնը:

Փա՜ռք քեզ Տէր…

Share this Article
CATEGORIES