Ո՞ւր Մնաց «Զտարիւն Հայ» Կոչուած Մեր Արդար Համբաւը
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Դիտեցէք ձեր շուրջը, ձեր անմիջական շրջապատը ու պիտի հանդիպիք անախորժ, արտասովոր երեւոյթներու: Դիտելով, զարմանալով` հարց կու տաք դուք ձեզի.
– Ինչո՞ւ այսքան շուտ հրաժարեցանք մեր հայկական գոյնէն: Կը տեսնես ծանօթ հայորդի մը, քու թաղէդ ամէն օր անցնող, որ թեւանցուկ կը քալէ ոչ հայ, տարբեր գոյն ունեցող կնոջ մը հետ: Միակ պատկերը չէ այս, բազմացած են մտահոգութիւն պատճառող առատութեամբ: Երբ այս խոտոր երեւոյթին պատճառը կը հարցնես ոեւէ մէկուն, ոմանք կը պատասխանեն անարդար խօսքերով.
– Ի՛նչ թող ընեն մեր տղաքը, հայ աղջիկներն ալ պահանջկոտ են, ինչեր կ՛ուզեն: Սրիլանքացին կամ եթովպիացին, ֆիլիփինցին կամ եգիպտացին բան չեն ուզեր, կ՛աշխատին, զաւակ ալ կը բերեն իրենց սեւ կամ թուխ-մութ գոյներով…
– Ուրեմն հետզհետէ պիտի կորսնցնենք հարազատ, զտարիւն հայ կոչուած ըլլալու մեր համբաւը, որ մեր հպարտութիւնն է: Սեւամորթ կամ նուազ սեւ գոյներով զաւակները պիտի բազմանան:
Երեւոյթը իրաւամբ մտահոգիչ է: Մեր երիտասարդները ընտանիք կազմելու տրամադրութիւն չունին: Ոմանք բնակարան չունին, ուրիշներ մեծ գումարներ չունին սուղ վարձք վճարելու կամ յարկաբաժին մը գնելու: Մեր երիտասարդներուն օգնող ձեռքեր չկան: Արդեօք յատուկ ֆոնտ մը պէտք չէ՞ ունենանք հայ երիտասարդները պսակելու:
Բարեկամուհի մըն է դժգոհութեամբ խօսողը.
– Ի՜նչ վիճակ է այս, շրջապատիս մէջ կը տեսնեմ հայ երիտասարդներ, որոնք օտարազգի աղախիններու հետ կը կենակցին, զաւակներ ալ կ՛ունենան: Եթէ պաշտօնապէս պսակուած են, վայն է եկեր մեր գլխուն: Քանի մը տարի ետք հայու հարազատ, զտարիւն հայ մը պիտի չունենանք: Այս ի՜նչ վիճակ է:
Բարեկամուհիս սրտնեղած կը շարունակէ հեռաձայնէն.
– Այս կացութեան պատճառը մեր երիտասարդներուն նիւթական դժուարութիւնն է: Ինչո՞ւ համար մեր եկեղեցին, մեր մեծերը, մեր հարուստները չեն մտածեր այս մասին: Եթէ տարեկան տասը երիտասարդի օգնենք, ամուսնութեան առաջնորդենք, տասը տարի ետք հարիւրներով նորածին սերունդ կ՛ունենանք: Ինչո՞ւ չենք մտածեր մեր թիւին աճումին մասին: Օտարներու հետ ամուսնանալով` պիտի կորսնցնենք մեր անունը, մեր գոյնը, մեր ինքնութիւնը եւ, վերջապէս, մեր հայու հպարտութիւնը: Մեր օտարածնունդ մանուկները պիտի արտասանե՞ն «Քաջ Վարդանի թոռն եմ ես»…
Իրաւունք ունի բարեկամուհիս, մտիկ կ՛ընեմ զինք, բայց ան կը շարունակէ.
– Կը բաւէ` շէնքեր, սրահներ եւ նոր կառոյցներ բարձրացնելը: Մտածենք մեր չունեւոր երիտասարդներուն մասին: Թեւ-թիկունք ըլլանք, օգնենք, ընտանիք թող կազմեն: Ո՞վ պիտի յաճախէ մեր դպրոցները, եթէ նոր ծնունդներ չունենանք, կամ` սեւ-սեւ գոյներով տարօրինակ հայեր տեսնենք մեր դիմաց: Իմ ըսածներս ցեղապաշտութիւն մի՛ նկատէք: Ինչո՞ւ չէք գրեր այս կարեւոր հարցերու մասին: Չէ՞ք տեսներ, չէ՞ք լսեր թէ Լիբանանի մէջ մեր քոյր քրիստոնեայ եկեղեցիներու պատասխանատուները ամէն տարի հաւաքական-խմբական պսակադրութիւններ կը կատարեն: Մենք ինչո՞ւ չընենք: Ցեղասպանութեան 100-ամեակին հարկ է պսակենք 100 երիտասարդ, աղքատիկ, բայց առողջ ու ազգասէր երիտասարդներ: Ամէն բանէ առաջ մեզի նորածիլ ու նորածին հայ սերունդներ պէտք են:
Հեռաձայնով այսքան կարծիք ու յորդոր, այսքան դժգոհութիւն եւ արդար մատնանշում:
– Պէտք է գրենք այս մասին,- պատասխանեցի վրդոված հայուհիին:
– Եթէ ես գրել գիտնայի, կը գրէի, բայց չեմ կրնար: Մեր գրողները ո՞ւր են, Հայաստան մը ունինք, մեր հայրենակիցները կը լքեն զայն, աշխարհով տարածուած ենք, ձուլում, ձուլում: Գոնէ Լիբանանին մէջ արթննանք, գործի անցնինք: Կը լսե՞ս ըսածներս:
Հեռաձայնային կապէն ու զրոյցէն ետք ինծի կը մնար փոխանցել հայութեան, մեր գաղութին մէջ տիրող հայկական խորթ հարցեր արծարծող կնոջ մը տագնապին մասին: Անդրադարձ մը կատարելու խոստումս յարգեցի, միայն թէ ծիծաղելի չթուի` պատճառաբանելով.
– Ինչե՜ր կ՛ըսէք 21-րդ դարուն, երբ համացանցը իր նորագոյն գիւտերու օգնութեամբ, հմայքով եւ հրաւէրով երիտասարդութեան ինքնութիւնը կը ձեւափոխէ: Մեր աղջիկները այսօր կը զարմանան, թէ Ցեղասպանութեան տարիներուն վայրագ ցեղին բռնութիւններէն փրկուելու համար
«Հայ աղջիկներ իրարու ձեռք բռնեցին,
Իրենք զիրենք Եփրատ գետը նետեցին»…
Կեցցէ՛ գիտութիւնը, համացանցի լեզուն, կեցցե՛ն ասիացի, ափրիկեցի աղախինները: Ի՜նչ մեծ բարիք` մեր ապագան կերտելու…