Լուսարձակ`. Լիբանանեան Բանակի Օրուան Առիթով Հայրենիքի Պաշտպան Բանակը Ի՛նք Պաշտպանութեան Կարիք Ունի (1 Օգոստոս)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ  

Համեստ լիբանանցին անգամ կը յոխորտայ, թէ հեռաւոր դարերէն եկող պատմական ու քաղաքակրթական ժառանգութեան տէր նախնեաց շառաւիղն է ան: Եւ ամէն առիթի իր շրջապատին կ՛ուզէ յիշեցնել նաեւ, թէ փիւնիկեան դարաշրջանի նախնիքը վաստկած են աշխատասէրի, քաջ առեւտրականի թէ խիզախ հայրենասէրի յատկութիւններ, որոնք հիմք են հանդիսացած ապագայ սերունդներու կազմաւորման` հասնելով մինչեւ արդի Լիբանանի կերտման:

Այլ հարց, թէ Լիբանանի անկախութենէն (1943) ասդին ու մանաւանդ գաղութարար ուժերու տիրապետութեան կասեցումէն ետք իրերայաջորդ սերունդներ որքանո՞վ կրցած են թօթափել ստրկութեան, ենթակայութեան, եսակեդրոն ու պատեհապաշտ վարքագիծի ու ապրելակերպի մօտեցումները, որպէսզի տակաւ կարենային հասնիլ քաղաքական մտքի հասունացման այն մակարդակին, ուր հայրենիքի պաշտպանութեան հասկացողութիւնը ոչ մէկ առիթի խծբծանքի կամ անարգանքի առարկայ դառնար:

Իսկ ինչո՛վ է պաշտպանուած հայրենիքը, եթէ ոչ ազգային գաղափարախօսութեամբ ու մարտունակութեամբ յագեցած բանակի թէ անվտանգութեան ուժերու ամբողջական ներկայութեամբ, անոնց անարգել գործունէութեամբ,  ժողովրդային  նեցուկով եւ քաղաքական բովանդակ համակարգի աջակցութեամբ:

Դժբախտաբար, արդի Լիբանանի պարագային հայրենասիրական մօտեցումներու հրայրքն ու պաշտպանական կռուաններու ամրակայումը դարձած են սոսկ ենթակայական համոզումներ կամ աւելի ճիշդ ասած` հատուածական կողմնորոշումներու արտայայտութիւններ:

Այլապէս ինչպէ՛ս բացատրել այն երեւոյթը, երբ կարգ մը անհատներ կամ խմբաւորումներ կ՛ուզեն հայրենիք կերտել հարուածելով բանակն ու անոր ազգային գաղափարախօսութիւնը:

Աւելի՛ն. անոնք կը յամառին իբրեւ ցուցանիշ ներկայացնել իրենց իսկ ստեղծած առասպելն ու տգիտութիւնը` ըսելով, որ բանակը պարտաւոր է որդեգրել հատուածապաշտ եւ միակողմանի քաղաքական գործընթաց, յայտնապէս ծառայելով ծայրայեղ կրօնական հակումներու:

Այսօր աւելի քան երբեք լիբանանեան բանակը ուղղակիօրէն թիրախ է դարձած եւ բռնութեան արարքներ կը գործադրուին անոր դէմ, պարզապէս որովհետեւ վանտալիզմէ տառապող խմբաւորումներ կը վայելեն քաղաքական կարգ մը ուժերու ծածկն ու օժանդակութիւնը:

Այսպէս ասած,  պետութեան պահպանումին լծուած կարգ մը խմբաւորումներ եւ պետական մարդու պատմուճանը հանդերձած անհատներ տիւ եւ գիշեր, ցաւ ի սիրտ, կը սերմանեն համայնքայնութեան որոմներ, կը շեփորեն քաղաքացիական երկփեղկումի կարգախօսեր եւ ամէնէն վտանգաւորը` երկիրը մասնատելու իրենց մտադրութեան ու առհասարակ քաղաքական հաշուարկներուն յագուրդ տալու մտասեւեռումով` հայրենիքի (եթէ այս հասկացողութիւնը գոյութիւն ունի նմաններուն մօտ) միակ պաշտպան եւ ժողովուրդի անվտանգութեան երաշխիք բանակը կը փորձեն հարուածել` պարզապէս զայն բարոյալքելու եւ իրողապէս ջլատելու համար:

Ինչպիսի՛ բացատրութիւն տալ վերոնշեալ ապիկարութիւններուն  եւ կամ ի՛նչ բանի վերագրել նման ազգադաւ եւ ապաշնորհ մօտեցումներ եթէ ոչ հայրենասիրական ոգիի բացակայութեան, հայրենիքի հանդէպ  պաշտամունքի թուլութեան, սեփական պատմութեան ուրացման, ազատ ու ինքնիշխան ապրելու տարրական իմացութեան չգոյութեան, քաղաքացիական կրթութեան եւ դաստիարակութեան ամլացման:

Այլ խօսքով, երբ ազգային ու պետական հասկացողութիւններու հանդէպ կը բացակային խոհական արտայայտութիւնները, նուիրումի եւ զոհողութեան պատրաստակամութիւնը, ժողովուրդի վերելքին նպաստող նախանձախնդրութիւնը եւ ազգովին բարգաւաճելու խոր գիտակցութիւն, ապա պէտք չէ զարմանալ, որ հակամարտող կողմերու միջեւ առկայ այլատեացութիւնն ու անհանդուրժողութիւնը այլապէս դրսեւորուի սպանդով եւ խժդուժութեամբ:

Միւս կողմէ, քաղաքացիական իր հաւատարմութեամբ ու պարտաւորութեամբ բնորոշ, այլապէս լիբանանեան հայրենիքին հանդէպ իր տածած սիրոյն ու յարգանքին առընթեր, լիբանանահայութիւնը եթէ մէկ կողմէ ամէն պատեհ առիթի շեշտած է պետական կառոյցներու պահպանման անհրաժեշտութիւնն ու անոնց սնուցանման հրամայականը, ապա միւս կողմէ առանձնաբար եւ անվերապահօրէն թիկունք է կանգնած լիբանանեան բանակին, ջերմ պաշտպանը հանդիսացած անոր առաքելութեան եւ անփոխարինելի դերակատարութեան:

Անմարսելի ու դատապարտելի են այն բոլոր  կեցուածքները, որոնք կը միտին հեղինակազրկել բանակը, տկարացնել զինուորին կորովը, բարոյալքել սպայակոյտին վճռակամութիւնն ու առհասարակ ջլատել  բանակին` թշնամիին դէմ կռուելու ներուժն ու ոգեկան բարձրութիւնը:

Այսուհանդերձ, լիբանանեան բանակը իր բոլոր ստորաբաժանումներով կը շարունակէ դէմ դնել բռնարարքներու, հարուածել եւ զգետնել ահաբեկչական խմբաւորումներու որջեր, եւ ըստ կարելւոյն հաստատել խաղաղութիւն, վնասազերծելով քաղաքացիական պատերազմի ամէն սադայէլական միտում:

Մինչեւ այդ օրը, երբ լիբանանցիներու մէկ հատուածը կը յաւակնի դաւաճանութիւնը անձնական տեսակէտ նկատել եւ կամ քաղաքական մօտեցումի յատկութիւն, հայրենիքը  պիտի շարունակէ տուայտիլ եւ քաոսային կացութիւններ դիմագրաւել:

Իրաւամբ ըսուած է, որ Լիբանանի բանակը պետական այն միակ հաստատութիւնն է, որ կը վայելէ ժողովուրդի ճնշիչ մեծամասնութեան գուրգուրանքն ու աջակցութիւնը, եւ որուն դէմ ամէն բռնարարք համազօր է ազգադաւութեան:

Արդարեւ, հայրենիքի արժանապատուութիւնը, բարօրութիւնը, անվտանգութիւնը եւ ժողովուրդի յառաջդիմութիւնը բացառաբար կախեալ են ազգանուէր բանակի ներկայութենէն, որուն շուրջ պէտք է բոլորուի ժողովուրդ մը ամբողջ:

Օր ցերեկով եւ դաւադրաբար խողխողուող զինուորի ու սպայի տխուր պատկերներուն դիմաց, հացի, ջուրի եւ օդի չափ կարեւոր է բարոյահոգեբանական ամէն սնունդ, կորով ու խանդաղատանք, պարզապէս բանակին վերադարձնելու իր հեղինակութիւնն ու հմայքը` յանուն սերունդներու առողջ դաստիարակութեան եւ հայրենիքի պաշտպանութեան:

Այլապէս, հայրենիքներ կը մեռնին նոյնինքն հայրենապաշտպան բանակայիններու սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ, քաոսի մատնելով ամբողջ շրջապատ մը:

Հասկցողին շատ բարի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )