Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Երէց Պատանիներուն Տարեկան Մէկ Շաբթուան Բանակումը Սկսաւ Այնճարի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն Ընդհանուր վարիչ մարմինին (ԼՊՄ), ՀՅԴ ԼՊՄ երէց պատանիներուն տարեկան մէկ շաբթուան բանակումը սկսաւ կիրակի, 28 յուլիս 2013-ին, Այնճարի ԼՊՄ-ի բանակավայրէն ներս:

Բանակումը, որ կը կրէ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու 90-ամեակի  թեման, առիթ մը հանդիսացաւ դարձեալ վերահաստատելու, որ անհերքելի ճշմարտութիւն մըն է, մարդ կերտելու առաջին սանդխամատը կը հանդիսանայ պատանեկութիւնը: Պատանիներն են, որոնք պիտի դառնան երկրագունդի ընդարձակ ցամաքամասերուն «տէրն ու տիրական»-ները` փորձելով արդարօրէն լուծել մարդկութեան ու ազգերուն ցարդ անլուծելի թուացող բոլոր դժուարութիւնները:

Այս իմաստով բանակումը ընդգծեց կարեւորութիւնը պատանեկան տարիքի հոգեմտաւոր դաստիարակութեան: Դաստիարակութիւն մը, որ ներփակեց մարդկային, ընկերային, ազգային հասկացողութիւններուն բոլոր երեսները` պատանին վերածելով մարդկութեան մէջ գործող ինքնավստահ ու արդարադատ ընկերային արարածի մը:

Բանակումի ընթացքին դաշնակցական պատանին վարժուեցաւ հանդուրժել այն, ինչ որ կրնար անհանդուրժելի թուիլ առաջին վայրկեանին, յարգել ընկերներուն կարծիքը, արտայայտել նաեւ սեփական մտքեր, ենթարկուիլ կարգապահութեան եւ կազմակերպել ու գործել հաւաքաբար: Ասոնց կողքին ան տոգորուելու առիթը ունեցաւ ազգային գիտակցութեամբ, մարդու եւ հայու իրաւունքներուն քաջածանօթ դառնալու, մշակուեցաւ հաւաքականութեան ծառայելու տրամադրութեամբ:

201Յ-ի  ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու երէց պատանիներու տարեկան բանակումին կը մասնակցին 150 պատանիներ, որոնք բաժնուած են չորս խումբերու:

Խումբերը կը կրեն Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին հակադաշնակցական դաւադիր ձեռքերու կողմէ առեւանգուած ու նահատակուած պատասխանատու ընկերներու անունները` Սարգիս Ազնաւուրեան, Սարգիս Զէյթլեան, Զաւէն Թաշճեան եւ Աբօ Աշճեան: Անոնք նաեւ կը կրեն չորս գոյնի թի-շըրթներ` կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն եւ մոխրագոյն:

Նշենք, որ բանակումը կ՛աւարտի կիրակի,  4 օգոստոս 201Յ-ին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )