Հաղորդագրութիւն. «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» Կեդրոնը Հրապարակեց Հայոց Լեզուի Ուսուցման Ծրագիր Մը` Մանկապարտէզի Դասարաններուն Համար
Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակը 2013 թուականի յուլիսին հրապարակեց հայոց լեզուի ուսուցման ծրագիր մը, ուղղուած` Լիբանանի հայկական վարժարաններու մանկապարտէզի հայոց լեզուի ուսուցիչներուն:
Սոյն աշխատութիւնը` «Նախադպրոցականներու կրթութեան ազգային ծրագիր» անունով, հրապարակուեցաւ Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակի հրատարակած «Հայ մանկավարժ» հանդէսի թիւ 5 համարին մէջ: Ծրագիրին հեղինակն է Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի փրոֆեսէօր, դոկտ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեան` աշխատակցութեամբ Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու մանկապարտէզի ուսուցչական աշխատանքային խմբակին, որ յառաջացած էր յատուկ այս նպատակով:
Լիբանանի հայկական վարժարաններու մանկապարտէզի դասարաններուն մէջ կիրարկումի համար առաջարկուած այս ծրագիրը, աւելի քան 100 էջ ծաւալով, կ՛ընդգրկէ հայ մանուկներու հոգեկերտուածքի ձեւաւորումի եւ զարգացումի խնդիրներ` հաշուի առնելով ինչպէս ազգային, այնպէս ալ համամարդկային արժէքները: Անիկա ուղղուած է մանկապարտէզի փոքրիկներու առողջ եւ երջանիկ մանկութեան ապահովումին, զգայարաններու եւ հոգեկան հոլովոյթներու զարգացումին, ընկերային-մշակութային յարաբերութիւններու ձեւաւորումին, ինքնաճանաչումին ու ինքնակողմնորոշումին, սեփական անձին գնահատումին, կենցաղային-աշխատանքային տարրական կարողութիւններուն ձեւաւորումին եւ զարգացումին, ուսումնական գործունէութեան նախապատրաստումին, կարդալու եւ գրելու տարրական կարողութիւններու ձեւաւորումին:
Ներկայացնելով այս ծրագիրը` կ՛ակնկալենք, որ ան ծառայէ լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ հայոց լեզուի ուսուցման պայմաններու բարելաւման` հանդիսանալով օգտաշատ ուղեցոյց հայերէնի ուսուցիչներուն համար: Ծրագիրը օգտագործող ուսուցիչները, անոր գործածութեան լոյսին տակ յառաջ եկած դիտողութիւններով ու առաջարկներով, կրնան մեծապէս նպաստել անոր բարելաւման գործին, որ պիտի շարունակէ մերը ըլլալ: Կ՛ակնկալենք, որ սոյն ծրագիրը ուղեցուցական արժէք ներկայացնէ նաեւ հայկական սփիւռքի մէջ նախադպրոցական համակարգի հայերէնի ուսուցիչներուն համար, հաշուի առնելով այն լայն ընդհանրութիւնները, որոնք գոյութիւն ունին սփիւռքահայ` մանաւանդ միջինարեւելեան երկիրներու մէջ գործող հայկական վարժարաններուն մէջ:
Ծրագիրը ձեռք բերելու ցանկութիւն ունեցողները կրնան դիմել «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի տնօրէնութեան (Հեռաձայն` 961 1 570 555 ):
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
«ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻ» ԿԵԴՐՈՆ
31 յուլիս, 2013
Պէյրութ, Լիբանան

