ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Այցելութիւնը Հայաստանի Մէջ Լիբանանի Դեսպանատուն

Չորեքշաբթի, 31 յուլիսի երեկոյեան, ՀՄԸՄ-ական պատուիրակութիւն մը, բաղկացած` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանէ, անդամներ Միհրան Շիմշիրեանէ, Արմէն Կետիկեանէ եւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Վիգէն Աւագեանէ, այցելեց Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպանատուն եւ երկու ժամուան հանդիպում մը ունեցաւ դեսպան Ժան Մաքարոնի հետ:

Դեսպանը, որ ներկայ գտնուած էր համա¬ՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերու բացման հանդիսութեան, դրուատիքով խօսեցաւ ՀՄԸՄ-ի մարզական փայլուն անցեալին եւ հայ համայնքին Լիբանանի մէջ ունեցած դերակատարութեան մասին: Ան տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայաստանի լիբանանեան գաղութին մասին, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ Լիբանան¬Հայաստան կապերու ամրացման ու զարգացման ծրագիրներու մասին:

ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը, իր կարգին, դեսպան Ժան Մաքարոնին տեղեկութիւններ փոխանցեց ՀՄԸՄ-ի համահայկական կառոյցին եւ Հայաստանի մէջ ունեցած գործունէութեան մասին: Նոյն առիթով, պատուիրակութիւնը յիշատակի եւ երախտիքի յուշանուէր մը յանձնեց դեսպանին:

Այցելութենէն ետք ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչները  ընթրիքի հիւրը եղան դեսպանին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )