Էրտողանի Կազա Այցելութիւնը Յետաձգուած Է` Եգիպտոսի Մէջ Տիրող Կացութեան Պատճառով

«Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի աւագ խորհրդական Իպրահիմ Քալըն յայտնած է, որ Էրտողանի Կազա այցելութիւնը Եգիպտոսի մէջ տիրող քաղաքական իրարանցումին պատճառով յետաձգուած է:

Քալըն «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ գրեց, որ այցելութիւնը յետաձգուած է Եգիպտոսի մէջ տիրող երկարատեւ տագնապին պատճառով:

Կը նախատեսուէր, որ Թուրքիոյ վարչապետը Կազա այցելէ յունիսի կիսուն, սակայն այցելութիւնը յետաձգուած էր Կեզիի ցոյցերուն պատճառով:

Երբ Էրտողան որոշեց յուլիսի սկիզբը Կազա երթալ, Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջումը պատճառ դարձաւ, որ այդ ծրագիրը դարձեալ յետաձգուի:

Share this Article
CATEGORIES