Ալիեւ Գաղտնի Այցելութիւն Տուած Է Մոսկուա

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ մոսկովեան աղբիւրներու տեղեկութիւններուն համաձայն, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 31 յուլիսի երեկոյեան անձնական այցելութեամբ գաղտնաբար հասած է Մոսկուա:

Ըստ գործակալութեան, Ալիեւ մնացած է Քրեմլինի մօտ գտնուող «Լոթթը» պանդոկին մէջ: Կը նշուի նաեւ, որ Ալիեւ ոչ պաշտօնական հանդիպում մը ունեցած է Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ: Տակաւին յստակ չէ, եթէ հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը յայտարարած է, որ «տեղեկութիւն չունի Ալիեւի` Մոսկուա այցելութեան մասին»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )