Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԷՅԻՏ Մոհամետ Հիւսէյն Ֆատլալլայի անուան գրասենեակին համաձայն, Ֆիթրի տօնին առաջին օրը կը զուգադիպի ուրբաթ, 8 օգոստոս 2013-ին:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շնորհաւորեց լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը եւ բանակը` իր հիմնադրութեան 68-ամեակին առիթով: Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ բանակն է Լիբանանի միասնականութեան երաշխիքը` աւելցնելով, որ Լիբանան չի կրնար անտառի օրէնքով եւ երկփեղկումով գոյատեւել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին հիմնադրութեան 68-ամեակին առիթով անոր մատուցուելիք լաւագոյն նուէրը Լիբանանի սահմանադրութիւնը յարգելն է:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը Փարիզէն ստացած են լուրեր, թէ անոնք թիրախ կրնան դառնալ ահաբեկչական արարքներու:

ՌԱՊԻԷԻ եւ Պնաշյիի միջեւ սառցահալի լուրջ աշխատանք կը տարուի:

ԿԻՊՐԱԿԱՆ հրշէջ ուղղաթիռներ կը մասնակցին Տըննիէի հրդեհները հակակշիռի տակ առնելու ջանքերուն:

ԺՏԻԹԱՅԻ մէջ սուրիացի մը առեւանգուած է:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն ողջունեց բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու` պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսընի որոշումը: Ան շեշտեց, որ մարոնի պատրիարքութեան համար անհրաժեշտ է բանակի հրամանատարութեան թափուր մնալուն կանխարգիլումը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ համախմբումի նախագահ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի միջեւ յարաբերութիւնը շատ աւելի մեծ է, քան` բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումին գծով անոնց տարակարծութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ կոչ ուղղեց համախմբուելու բանակին շուրջ եւ անոր նկատմամբ վստահութիւնը վերահաստատելու`  երկրին ապահովական կայունութեան պաշտպանութեան իբրեւ երաշխիք:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Տորի Շամուն շեշտեց, որ անհրաժեշտ է հեռանալ քաղաքական տարակարծութիւններէն եւ ամրապնդել լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը` յատկապէս քրիստոնեայ համայնքի միասնականութիւնը, պահպանելու համար Լիբանանը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ միջքրիստոնէական տարակարծութիւնը կարիք ունի լուծումի եւ կարելի չէ Լիբանանի մէջ ներկայիս տիրող կացութիւնը կայուն պահել:

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Իսրայէլի զինուորական պատասխանատուին համաձայն, յուլիսեան պատերազմէն եօթը տարի ետք Հըզպալլա շատ աւելի լաւ մարզուած եւ աւելի հզօր կազմաւորուածութիւն ունի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը դժուար թէ խորհրդարանի լիագումար նիստին հասնի` անոր շուրջ գոյութիւն ունեցող քաղաքական տարակարծութիւններուն պատճառով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ իրենք կը սերտեն բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը վիճարկելու կարելիութիւնները` աւելցնելով, որ իրենք պիտի մասնակցին բանակի հիմնադրութեան 68-ամեակի հանդիսութեան:

ԲԱՆԱԿԻ հիմնադրութեան տօնին առիթով` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ գտնուող զէնքը յանձնելու բանակին եւ նպաստելու անոր զինումին:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն տեղեակ է, թէ սիւննի-շիի լարուածութիւնը իր գագաթնակէտին հասած է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Հըզպալլայի դէմ Եւրոպական Միութեան կողմէ տրուած որոշումը Դիմադրութեան դէմ ուղղուած ահաբեկչական պատգամ մըն է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )