Ժամմոյի Սպանութիւնը Բեմականացուեցաւ
Ներկայութեամբ աւագ քննիչ դատախազ Մունիֆ Պարաքաթի, երէկ Սարաֆանտի մէջ բեմականացուեցաւ սուրիացի լրագրող Մոհամետ Տիրար Ժամմոյի սպանութիւնը:
Ժամմոն սպաննող յանցագործը խոստովանեցաւ, բացատրեց եւ մանրամասն կերպով ներկայացուց Ժամմոյի սպանութիւնը:
Դատախազ Պարաքաթ շեշտեց, որ կարելի է հաստատել, որ Ժամմոյի սպանութիւնը քաղաքական ոչ մէկ դրդապատճառ ունի:
Ան աւելցուց, որ կարելի չէ հետաքննութեան մասին մանրամասնութիւններ ներկայացնել լիբանանեան մամուլին եւ լսատեսողական միջոցներուն:
CATEGORIES Լիբանանեան