Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Սարակները Փակեցին Ընկերութեան Բոլոր Դռները
Ելեկտրական ընկերութեան սարակները, զիրենք իրենց պաշտօններուն մէջ հաստատելու պահանջին լոյսին տակ, երէկ դիմեցին մագլցողական քայլերու եւ շղթաներով փակեցին ընկերութեան բոլոր դռները` արգիլելով անոր պաշտօնէութեան մուտքը:
Սարակները Ելեկտրականութեան ընկերութեան մուտքին հրկիզեցին աղբարկղներ եւ անիւներ` ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Քամալ Հայէքէն պահանջելով յետս կոչել իր այն շրջաբերականը, որուն մէջ ան նշած է, թէ ընկերութիւնը պիտի գործակցի միայն 200 պաշտօնեայի հետ:
Սարակները կոչ ուղղեցին լիբանանեան այլ շրջաններու մէջ գտնուող իրենց պաշտօնակիցներուն զօրակցելու իրենց շարժումին եւ պահանջելու արդար իրաւունքներու գործադրութիւնը:
Սարակները շեշտեցին, որ եթէ զիրենք իրենց պաշտօններուն վրայ չհաստատեն, ապա ամբողջ Լիբանանը մութի մէջ պիտի մնայ:
CATEGORIES Լիբանանեան

