Զօր. Սերրա. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերը Ոչ Մէկ Կապ Ունին Եւրոպական Միութեան Որոշումին Հետ»
Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա երէկ շնորհակալական նամակ մը յղեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի` ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 68-ամեակի նշումին հրաւիրելուն առիթով:
Ան ողջունեց այդ առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի արտասանած խօսքը:
Զօր. Սերրա յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ լիբանանեան բանակը իր ռազմավարական դաշնակիցը կը նկատէ` Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորելու առումով, «որովհետեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը առանձինն չեն կրնար կատարել այդ առաքելութիւնը», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Հըզպալլայի զինուորական թեւը ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատելու Եւրոպական Միութեան որոշումին` զօր. Սերրա շեշտեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը ոչ մէկ կապ ունին այդ որոշումին հետ եւ աւելցուց, որ իրենք չեն վախնար իրենց դէմ գործուելիք որեւէ յարձակումէ:
Միւս կողմէ, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէա Թինընթի յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հրամանատարութիւնը ցարդ պաշտօնական որոշում մը չէ ստացած` հարաւային Լիբանանէն թրքական զօրամասին հեռանալուն մասին:
Թինընթի շեշտեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ին մաս կազմող թրքական ջոկատը տակաւին հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած է:

