Պըրրի. «Ճիշդ Գրաւը Կարելի Է Դնել Սէուտական-Իրանեան Համաձայնութեան Վրայ, Իսկ Լիբանան Առանց Նախագահի Պիտի Չմնայ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի վերաբերող ընդհանուր սկզբունքներուն պարագային իրենք առաւելագոյն չափով համաձայն են Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ, սակայն մանրամասնութիւններուն պարագային անոնք լուրջ տարակարծութիւններ ունին:

Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանան ինկած է անիշխանութեան մէջ` աւելցնելով, որ երկրին իրավիճակը կը նմանի մաշած անիւի մը, որուն հազիւ մէկ ծակը գոցենք, այլ ծակ մը կը յառաջանայ:

Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ Լիբանանի եւ շրջանային կարգ մը հարցերուն լուծման իմաստով ճիշդ գրաւը կարելի է դնել սէուտական-իրանեան համաձայնութեան վրայ` աւելցնելով, որ իրենք կը սպասեն Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի Սէուտական Արաբիա այցելութեան եւ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ անոր ունենալիք հանդիպումին:

Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն` Պըրրի յայտնեց, որ ընտրութիւնները պիտի կատարուին եւ աւելցուց, որ Լիբանան առանց նախագահի պիտի չմնայ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )