Լիբանանեան Բանակի Հիմնադրութեան 68-ամեակին Առիթով. «Բանակին Առաքելութիւնը Անկարելի Կը Դառնայ Երկրին Մէջ Զէնքին Երկուութեան Պատճառով» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

Սպայից վարժարանի շրջանաւարտները իրենց երդումը կու տան

Լիբանանեան բանակը, ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Թամմամ Սալամի, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսընի, իր հրամանատարին` զօր. Ժան Քահուաժիի, նախարարներու, երեսփոխաններու եւ մեծ թիւով պետական եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, հոգեւորականներու եւ զինուորականներու, երէկ նշեց իր հիմնադրութեան 68-ամեակը` Ֆիատիէի «Շուքրի Ղանեմ» զօրանոցին մէջ:

Բանակի տողանցքէն բացակայեցան Մուսթաքպալ հոսանքի ներկայացուցիչներ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա եւ երեսփոխան Պահիա Հարիրի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, որ կը մերժէր բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը, սակայն ներկայ գտնուեցաւ Ազգային ազատ հոսանքի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիայի: Ապահովական պատճառներով 68-ամեակի տօնակատարութենէն բացակայեցաւ նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ:

Նախագահ Սլէյման զօրանոց ժամանելէն անմիջապէս ետք պաշտպանութեան նախարարին եւ բանակի հրամանատարին ընկերակցութեամբ ծաղկեպսակ մը զետեղեց բանակին մաս կազմած նահատակ սպաներու յուշարձանին, որ կը գտնուի Սպայից վարժարանին մէջ:

Բանակին պաշտօնական տողանցքէն առաջ նախագահ Սլէյման Ղոսընի ընկերակցութեամբ ստուգեց բանակին տարբեր ջոկատները, ապա ստանձնեց Սպայից վարժարանի դրօշը, որմէ ետք Ֆայեզ Ղոսըն կարդաց լիբանանեան բանակի շարքերէն Սպայից վարժարանը աւարտող սպաներուն անունները, որոնց մէջ նշուեցան նաեւ շրջանաւարտ հայ սպաներ Արցախ Խօշեանի (բանակի սպայ) եւ Սարգիս Չանկուլեանի (մասնագիտացած սպայ-բժիշկ) անունները:

Նախագահ Սլէյման ծաղկեպսակ կը զետեղէ

Զինուորական տողանցքէն պահ մը

 

 

 

 

 

 

 

 

Սպայի իրենց աստիճանը ստացած զինուորականները անհատաբար ստանձնեցին իրենց սուրերը` հանրապետութեան նախագահէն:

Աւարտող սպաներուն սերունդը կոչուեցաւ բանակի նահատակ քափիթեն «Հուսամ Ապու Օրըմ»-ի անունով:

Նախագահ Սլէյման իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ բանակին առաքելութիւնը կը դժուարանայ, եթէ լիբանանեան այս կամ այն կողմը երկրին սահմաններէն դուրս այլոց տագնապներուն միջամուխ դառնայ:

«Լիբանանին ծառայութեան միակ ձեւը Լիբանանի բարօրութեան համար զիջումներ կատարելն է, իսկ լիբանանցիները կը մերժեն, որ իրենց զաւակներուն արիւնը շաղախուի այլ երկիրներու հողին: Բանակին առաքելութիւնը անկարելի կը դառնայ երկրին մէջ զէնքին երկուութեան պատճառով», շեշտեց ան:

Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ անհրաժեշտ է վերատեսութեան ենթարկել երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը, որովհետեւ Դիմադրութեան զէնքը սահմանները շրջանցած է եւ ժամանակն է արդէն, որ անիկա լիբանանեան պետութեան տրամադրութեան տակ ըլլայ:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ լիբանանեան սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը արգելակելու ջանքերուն դիմաց, իրենք ստիպուած երկարաձգած են բանակի հրամանատարութեան պաշտօնավարութիւնը` հիմնուելով պաշտպանութեան օրէնքի թիւ 55-րդ յօդուածին հիման վրայ:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ պիտի կազմուի ազգային կշիռի ու ազգային շահերու կառավարութիւն մը եւ ոչ թէ քաղաքական հաւասարակշռութիւններու կառավարութիւն մը:

Ան աւելցուց նաեւ, որ կարելի է կազմել չէզոք կառավարութիւն մը, որ վայելէ լիբանանցիներուն վստահութիւնը եւ գործէ առանց խոչընդոտներու կամ արտաքին միջամտութիւններու:

«Պէտք է վերջ տալ սպասումի իրավիճակին եւ լիբանանեան ազգային առումով տալ յստակ որոշումներ», յայտնեց նախագահ Սլէյման:

Ապա տեղի ունեցաւ զինուորական տողանցք` բանակին բոլոր ստորաբաժանումներուն մասնակցութեամբ:

Զինուորական տողանցքին ընթացքին լիբանանեան բանակին պատկանող ուղղաթիռներ թռիչքներ կատարեցին Լիբանանի վերեւ:

Զօր. Քահուաժի. «Լիբանանի Պաշտպանութեան
Առումով Ճիգ Պիտի Չխնայենք»

Պէյրութի Նահատակաց հրապարակի հրդեհ

Միւս կողմէ, նախագահական պալատին մէջ նախագահ Սլէյմանի հետ հանդիպումին ընթացքին բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի շեշտեց, որ բանակը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ամրապնդելու իր կազմաւորուածութիւնը, ինչպէս նաեւ հզօրացնելու իր կարողութիւնները` դէմ դնելու համար որեւէ մարտահրաւէրի:

Զօր. Քահուաժի ընդգծեց, որ բանակը Լիբանանի առումով ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ:

«Կ՛երդնունք չտկարանալ ոչ մէկ մարտահրաւէրի կամ վտանգի դիմաց եւ կառչած մնալով ձեր իմաստուն ցուցմունքներուն` պաշտպանել Լիբանանը», հաստատեց զօր. Քահուաժի:

Տխուր Միջադէպ` Պէյրութի
Նահատակաց Հրապարակին Վրայ

Յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ բանակի զօրակցութեան հաւաք: Հաւաքին ընթացքին կատարուեցաւ հրավառութիւն: Հրավառութեան ընթացքին գործուած սխալի մը պատճառով Նահատակաց հրապարակին վրայ յառաջացաւ հսկայական հրդեհ մը, որուն պատճառով արձանագրուեցաւ 2 զոհ եւ 6 վիրաւոր:

 

Share this Article
CATEGORIES