Վերջին Ժամ. Երեք Հրթիռներ` Պաապտայի Ուղղութեամբ

Երէկ կէս գիշերին Սուք Էլ Ղարպ գիւղաքաղաքի անմարդաբնակ մէկ շրջանէն Պաապտայի շրջանին ուղղութեամբ արձակուեցան երեք հրթիռներ, որոնցմէ մէկը ինկաւ լիբանանեան բանակի սպայակոյտի կեդրոնատեղիին մօտ:

Ապահովական աղբիւրներ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ որեւէ մարդկային վնաս չէ արձանագրուած քաղաքայիններու եւ զինուորականներու մօտ: Ըստ նոյն պատկերասփիւռի կայանին, հրթիռներէն մէկը չէ պայթած: Մէկ հրթիռ ինկած է Իլհամ Ֆրայհայի տան պարտէզին մէջ գտնուող աւազանին մէջ: Ֆրայհայի բնակարանը միայն 100 մեթր հեռու է նախագահական պալատէն:

Share this Article
CATEGORIES