Ժառանգութիւն Կուսակցութիւնը Օգոստոս Ամսուան Ընթացքին Հանրահաւաքներ Պիտի Կատարէ Ազատութեան Հրապարակին Վրայ
Երեւանի քաղաքապետարանի պաշտօնական կայքէջին համաձայն, Ժառանգութիւն կուսակցութիւն վարչութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան մէկ օրուան մէջ աւելի քան 20 անգամ դիմած է Երեւանի քաղաքապետարան` Ազատութեան հրապարակին վրայ հանրահաւաք կազմակերպելու իրազեկումով:
Երեւանի քաղաքապետի լիազօր ներկայացուցիչի որոշումով ի գիտութիւն ընդունուած է Ժառանգութիւն կուսակցութեան վարչութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեանի իրազեկումը` 1-28 օգոստոսին Ազատութեան հրապարակին վրայ հաւաք կազմակերպելու մասին:
«Դիմելու նպատակը ընդամէնը նոյնն է` Հայաստանի մէջ «Հաւաքներու մասին» օրէնքով չէ յստակացած հրատապ հանրահաւաքներու խնդիրը, օրինակ, եթէ երեք օր ետք ես կը ցանկամ հանրահաւաք կազմակերպել, ոստիկանութիւնը պիտի ըսէ, որ ասիկա օրինական հանրահաւաք չէ, իրազեկուած չէ: Որպէսզի այսպիսի խնդիրի առջեւ չկանգնինք, մենք բոլոր օրերուն համար դիմում ներկայացուցած ենք», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին պարզաբանեց Ժառանգութիւն կուսակցութեան վարչութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան:
Ժառանգութեան ներկայացուցիչը յիշեցուց շաբաթներ առաջ կուսակցութեան հիմնադիր Րաֆֆի Յովհաննէսեանի հրաւիրած ասուլիսը եւ անոր ժամանակ Յովհաննէսեանի ներկայացուցած քաղաքական օրակարգի հարցերը` յայտնելով, որ այդ հարցերուն շրջագիծին մէջ ալ օգոստոս ամսուան որեւէ օր, որոշ պահու մը հանրահաւաք պիտի հրաւիրուի:
Անդրադառնալով հանրահաւաքի օրակարգի կարեւոր հարցերուն` Մարտիրոսեան յայտնեց, որ ինք կը կարծէ, թէ Հայաստանի մէջ ընդամէնը մէկ օրակարգ կայ, որ երկիրը այս աղէտալի վիճակէն փրկելու հարցն է: Նոյնիսկ Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրը որոշակիօրէն եթէ քննարկուի, այս շրջագիծին մէջ պէտք է քննարկուի:
«Եթէ քաղաքացիները իսկապէս մեծ աշխուժութիւն ցուցաբերեն, եւ քաղաքական ուժերն ալ ընդունին այն միտքը, որ պարոն Յովհաննէսեան ըսած էր` կլոր սեղանի շուրջ նստելու եւ բաց օրակարգի մասին, եթէ այդ օրակարգը բոլորին կողմէ ընդունելի ըլլայ, եւ քաղաքացիներն ալ շատ աշխուժ մասնակցութիւն ունենան, այդ ժամանակ մենք շրջադարձի մասին կրնանք խօսիլ», ըսաւ Մարտիրոսեան:

