Ֆրանսացի Ծերակուտականը Հայ Եւ Ազրպէյճանցի Խորհրդարանականները Կլոր Սեղանի Կը Հրաւիրէ

Ֆիլիփ Քալթենպախ

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով «Նուվել տ՛Արմենի» պարբերաթերթը, կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտի հայ-ֆրանսական բարեկամութեան խմբակի համանախագահ Ֆիլիփ Քալթենպախ իր հայ եւ ազրպէյճանցի գործընկերներուն հրաւէր ուղղած է` Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին շուրջ երկխօսութիւն կատարելու:

Օ տը Սենէն ընտրուած ծերակուտական Քալթենպախ 19 յուլիս թուակիր նամակներ ուղարկած է Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամութեան խմբակի համանախագահ Արա Բաբլոյեանին եւ Ազրպէյճան-Ֆրանսա բարեկամութեան խմբակի համանախագահ Մեհրիպան Ալիեւային:

Հանդիպումին նպատակն է խթանել ղարաբաղեան խնդիրի շուրջ երկխօսութիւնը:

«Անցեալ տարուան 29 նոյեմբերին, Ֆրանսայի մէջ ընդունելով հայ խորհրդարանականներու պատուիրակութիւնը, ես ցանկութիւն յայտնեցի Ղարաբաղի հարցին շուրջ կլոր սեղան կազմակերպելու: Հարցին առնչութեամբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է նաեւ իմ գործընկերս` Արա Բաբոլեան», կը նշէ ծերակուտական Քալթենպախ:

Հանդիպումին կայացման համար, ըստ ֆրանսացի ծերակուտականին, անցեալ գարնան իր սկզբունքային համաձայնութիւնը տուած է նաեւ Մեհրիպան Ալիեւա:

Ֆրանսացի ծերակուտականին պնդումով` նախատեսուած հանդիպումը շարունակութիւնն է հայ եւ ազրպէյճանցի գործընկերներու հետ Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախկին նախագահ Քրիսթիան Փոնսելէի գործին. վերջինս ժամանակին ինք եւս նման նախաձեռնութիւն կատարած է:

Օ տը Սենէն ընտրուած ընկերվարական ծերակուտական Ֆիլիփ Քալթենպախ յայտնի է իր հայամէտ դիրքորոշումով: Ան աշխուժ կերպով կ՛աջակցէր Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող բանաձեւի որդեգրման:

Share this Article
CATEGORIES