Խաւի. «Ալքանթարայի Լքելը Կորուստ Էր Պարսելոնայի»

Goal.com կայքէջը հաղորդեց, որ Պարսելոնայի միջնապահ Խաւի Հերնանտեզ մեկնաբանեց Ալքանթարայի` Պայերն Միւնիխ տեղափոխութիւնը:

Ան ըսաւ, որ Ալքանթարայի տեղափոխուիլը սխալ էր, թէ ճիշդ տարեշրջանի աւարտին կը յստականայ, բայց ըսաւ նաեւ, թէ Պարսելոնա իր երիտասարդ եւ նոր աճող աստղերէն մէկը կորսնցուց, սակայն ուրիշ երիտասարդ խաղացողներ ալ ունի խումբը եւ անոնք կրնան Ալքանթարայի նման փայլուն խաղացողներ ըլլալ:

Յայտնենք, որ անցեալ ամսուան կիսուն, Թիակօ Ալքանթարա Պարսելոնան լքելով միացաւ Պայերն Միւնիխի եւ նաեւ իր նախկին մարզիչ Փեփ Կուարտիոլային: Այս փոխանցումը արժեւորուած էր 25 միլիոն եւրոյով:

 

Share this Article
CATEGORIES