Ռէյնա. «Պենիթեզ Ամէնէն Լաւ Մարզիչն Է»

Խոսէ Ռէյնա

Իտալական Նափոլի ակումբի սպանացի նոր բերդապահ`  Խոսէ Ռէյնա արտայայտուեցաւ այս տարուան իտալական ախոյեանութեան եւ իր խումբի գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Պենիթեզի մասին:

Ան ըսաւ, թէ իրեն համար լաւագոյն ընտրանքն էր միանալ Նափոլիի, որովհետեւ Նափոլին մեծ ակումբ մըն է, որ նոր խումբ կը կազմէ եւ պատրաստ է այս տարի եւս պայքարելու իտալական ախոյեանութեան տիտղոսին եւ ինչու չէ նաեւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի բաժակին համար:

Ան նաեւ խօսեցաւ իր նոր մարզիչ Ռաֆայէլ Պենիթեզի մասին, որուն հետ ինք արդէն Լիվըրփուլի մէջ աշխատած էր եւ ըսաւ, թէ ան շատ լաւ մարզիչ է եւ անոր ներկայութիւնը աւելի կը դիւրացնէ իր գործը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )