Կարէն Գրիգորեան Դարձաւ «Սիտքես Օփըն»-ի Ախոյեան

Կարէն Գրիգորեան

Սպանիոյ Սիտքես քաղաքին մէջ տեղի ունեցած  միջազգային մրցաշարքին ախոյեան դարձաւ հայազգի կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան:

Գրիգորեան ինը հանգրուաններէն ետք առաւելագոյնը 9 կէտերէն հաւաքեց 7.5 կէտ եւ ստացաւ մրցաշարքի ախոյեանի տիտղոսը:

Այս մրցաշարքին, որ սկսաւ 22 յուլիսին, մասնակցեցան 91 ճատրակ խաղացողներ, եւ Գրիգորեանէն անկախ կային նաեւ երկու հայեր, որոնք հաւաքեցին հետեւեալ կէտերը` Կարէն Մովսիսեան` 6.5 կէտ եւ Յովիկ Հայրապետեան` 6 կէտ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )