Համա-ՀՄԸՄ-ական Մարզախաղերու 6-րդ Օրը. ՀՄԸՄ-ական Յարգանքի Տուրք` Ցեղասպանութեան Նահատակաց Յիշատակին

 

 

 

 

 

 

 

Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերու 6-րդ օրը` հինգշաբթի, 1 օգոստոս 2013-ին, մարզախաղերու մասնակից մարզիկ-մարզիկուհիները եւ պատասխանատուները, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն առաջնորդութեամբ, յարգանքի իրենց տուրքը մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին:

Յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, 650 մարզիկ-մարզիկուհիներ ուղղուեցան Ծիծեռնակաբերդ, ուր կարգապահ եւ լուռ շարքերով տողանցեցին մինչեւ Նահատակաց յուշարձան: Այս առիթով ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը յարգանքի ծաղկեպսակ մը զետեղեց յուշարձանի մուտքին:

Այնուհետեւ, բոլորը մուտք գործեցին յուշարձանի շրջափակը եւ յիշատակի ծաղիկներ զետեղեցին մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին շուրջ:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու 1915-1923 զոհ գացած հայորդիներու յիշատակը: Տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` ի յիշատակ մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերուն: Ապա, յանուն ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Վիգէն Աւագեան փոխանցեց պատգամ մը: Ան յայտնեց, որ եթէ աշխարհի ժողովուրդները տարուան մէջ մէկ անգամ ապրիլ 24 կ՛ապրին, հայ մարդիկ ամէն օր ապրիլ 24 կ՛ապրին, որովհետեւ 98 տարիէ անոնք կը կրեն Ապրիլ 24-ի` Ցեղասպանութեան հետեւանքները: Ցեղասպանութիւնը սկսած է 1915-ին եւ կը շարունակուի մինչեւ այսօր` օտարացման, այլասերման եւ ձուլման ենթարկելով հայութեան լայն զանգուածները:

Վիգէն Աւագեան հաստատեց, որ Ծիծեռնակաբերդ այցելելով ՀՄԸՄ-ական նոր սերունդը յարգանքի իր տուրքը կը մատուցէ իր նահատակներուն եւ այն բոլոր արժէքներուն, որոնց համար ինկան նահատակները: Այդ արժէքները հողը, հայրենիքը, լեզուն, մշակոյթը եւ սեփական ինքնութիւնն են:

 

 

 

 

 

 

 

«Այսօր կը գտնուինք Ծիծեռնակաբերդի մէջ», շարունակեց Աւագեան, «սակայն վստահ ենք, որ վաղը, միւս օր եւ մինչեւ մեր կեանքին վերջը Ծիծեռնակաբերդը պիտի ըլլայ մեր սրտին մէջ եւ անոր անմար ջահը վառ պիտի պահէ պահանջատիրական մեր թափն ու եռանդը ազգային¬միութենական մեր աշխատանքներուն մէջ, մինչեւ մեր վախճանական նպատակներուն իրականացումը, մինչեւ ամբողջական հայութեամբ ամբողջական Հայաստանի կերտումը:

Պատգամէն ետք, յուշարձան այցելութիւնը վերջ գտաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգին խմբերգումով:

Թանգարան Այցելութիւն Եւ Յատուկ
Բացիկներու Հրապարակում

Ծիծեռնակաբերդ այցելութեան երկրորդ հանգրուանը եղաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած թանգարանը, ուր յատուկ արարողութեամբ տեղի ունեցաւ Շաւարշ Քրիսեանի յիշատակը յաւերժացնող բացիկներու հրապարակում:

Թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան յայտարարեց, որ համա-ՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերուն առիթով թանգարանը նախաձեռնած է Շաւարշ Քրիսեանի յիշատակին 650 բացիկներու պատրաստութեան:

Այս առիթով տեղի ունեցաւ բացիկներու ստորագրութեան պաշտօնական արարողութիւն: Հայկ Դեմոյեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի եւ համա-ՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերու պատասխանատուները ստորագրեցին ու կնքեցին 10 բացիկներ, որոնք նախատեսուած են հասցէագրուելու թանգարաններու եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու: Մնացեալ բացիկները բաժնուեցան Ցեղասպանութեան թանգարան այցելող մարզիկ¬մարզիկուհիներուն:

Հանդիպում` Թանգարանի Տնօրէն
Հայկ Դեմոյեանի Հետ

 

Մարզիկ¬մարզիկուհիներու թանգարան այցելութեան ընթացքին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:

Դաստիարակչական Սեմինար

Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերու 6-րդ օրը ունեցաւ նաեւ դաստիարակչական յայտագիր: Ծիծեռնակաբերդ այցելութենէն ժամ մը առաջ, մարզիկ-մարզիկուհիներուն ներկայացուեցաւ երկու դասախօսութիւն: Հայկ Դեմոյեան խօսեցաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշարձան համալիրի անցեալին, ներկային ու ապագայի ծրագիրներուն մասին, իսկ Հարմիկ Յովսէփեան ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը Արցախեան պայքարին ընթացքին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )