Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Իտէալական օր մը պիտի ունենաք այսօր, մանաւանդ եթէ ծովափ երթաք: Հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք, բայց մի մոռնաք լաւ պաշտպանուիլ արեւէն:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Հետաքրքրուեցէք ձեր շրջանակով, մօտեցէք ձեր բարեկամներուն եւ երկխօսութիւն ստեղծեցէք անոնց հետ ձեր միտքը բանալով: Կ՛օգտուիք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Նիւթական կամ գործի վերաբերեալ ներդրում կատարելու գործունէութիւն կ՛ուզէք ունենալ, պիտի կարենաք իրագործել շուտով:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պիտի կարենաք գտնել այն բառերը, որոնցմով պիտի կարենաք երկխօսութիւն ունենալ ձեր գործին վերաբերեալ եւ յաջողիլ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ գաղտնիք մը ունիք զայն փոխանցեցէք այնպիսի անձի մը, որուն վրայ մեծ վստահութիւն ունիք: Ձեր սիրտը պարպեցէք անոր:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր ծրագիրին մասին պիտի խօսիք անձի մը, որ պիտի օգնէ ձեզի շրջանցելու այս հանգրուանը: Օրը պիտի ունենայ գոհացուցիչ մթնոլորտ:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Հանգստանալու մասին մտածեցէք, աշխատանքէ հեռու մնացէք այսօր, որովհետեւ յոգնած կը թուիք եւ տօնական հանդիպում կատարելու չէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պիտի կարդաք գիրք մը, որ պիտի յուզէ եւ հետաքրքրէ ձեզ: Այս ընթերցումէն դասեր պիտի  քաղէք ձեր կեանքը նորոգ դասաւորելու:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Լաւատես եղէք, որպէսզի յաջողիք դրական արդիւնքի հասնիլ ձեր ծրագիրին եւ գործունէութեան մէջ: Յոռետեսութիւնը կը վնասէ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ճիգ պիտի թափէք կարենալ համաձայնելու եւ ներդաշնակ վերաբերում ունենալու ձեր շրջանակին մէջ: Ապրի՛ք, միակ լուծումն է ուրախանալու:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր տրամադրութիւնը բարձր պիտի ըլլայ յարաբերութեան մէջ մտնելու այնպիսի մարդոց հետ, որոնք օգտակար պիտի ըլլան ձեր գործերուն:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Վիպային հանդիպում մը բաբախել պիտի տայ ձեր սիրտը ամբողջ ամրան ընթացքին: Ջանացէք մնալ դրական տրամադրութեամբ: Սէրը կ՛օգնէ ձեզի:

Share this Article
CATEGORIES