50 Տարի Առաջ (3 Օգոստոս 1963)
Տոմսեր
Եթէ Աստուած Կամենայ…
Թրքական թերթ մը «ցաւով եւ ընդվզումով» կը յայտնէ, թէ զանազան սպառնագրեր եւ հայհոյագրեր կը ստանայ:
Թրքական դարաւո՜ր «աւանդութիւն»-ներէն մին ալ այս եպերելի սովորութիւնն է. ահա թէ ինչո՛ւ «տաճկացած» կ՛որակենք այն մարդիկը, որոնք նման բարքերու կը հաւատան:
Թուրքերը ինչո՞ւ կը սպառնան, ինչո՞ւ կը հայհոյեն իրենք իրենց. այսինքն` իրենց հայրենակիցներուն:
«Միլլիէթ» կը գրէ, թէ «սպառնալիքի տակ է յառաջդիմութիւնը». այսինքն հալածանք կայ փողկապ կրողներու եւ «արեւմտեան» գլուխ ունեցողներու դէմ…
Յառաջդիմութեան դէմ այս սպառնալիքը, որ թուրքին «արեան ձայն»-ն է, նաե՛ւ դատապարտութիւնն իսկ է թրքական «յառաջդիմութեան»: Սպառնագրերու հեղինակները հաւանաբար ըսել կ՛ուզեն.
– Ի՞նչ ըրիք յառաջդիմութեան եւ ազատութեան անունով: Կրցա՞ք մեր թշուառութիւնը դարմանել:
Ո՛չ:
Ուրեմն լա՛ւ է, որ քաշուիք ձեր դիրքերէն եւ թոյլ տաք, որ մենք` յետադիմականներս, կրկին առաջ անցնինք մեր… կացիններով, տապարներով, դանակներով: Ո՞ր օրուան համար են մեր այս գործիքները…
«Միլլիէթ» կը յիշէ անունները այս գործիքներուն, որոնք թուրքին անբաժան ընկերները եղած են դարերու ընթացքին ու տակաւին մինչեւ այսօր կը տիրակալեն երկրի «դեմոկրատական գաղափարներուն» վրայ…
Հազուադէպ չէ Թուրքիոյ մէջ, որ գաղափարական տարակարծութիւններ յանգին… հրձիգութեան եւ սպանդի:
Գիւղերու մէջ, մանաւանդ ուր տակաւին ստուե՜ր իսկ չէ յառաջդիմութիւնը, հրաշքնե՜ր կը գործեն կրակն ու կրակոցը:
Գիւղացի մը վերջերս կրակի տուած է իր դրացիին տունը եւ բնակիչները ողջ-ողջ այրելէ ետք` փոխչողներն ալ փամփուշտներու տարափով մը խեղդած է…
«Միլլիէթ» յուսահատօրէն համոզուած կը թուի, թէ յառաջդիմութիւն, արդարութիւն կամ ժողովրդավարական գաղափարներ` չեն կրցած ու պիտի չկարենան դիմանալ թուրքին «տապարներուն, կացիններուն եւ դանակներուն»:
Ճար ու դարման չկայ այս կացութեան: Քանի թուրքը կայ, «թրքութիւնը» պիտի տիրէ սանձարձակ…
Եթէ Աստուած կամենայ, եւ օր մը դուրս ելլեն երկրէն, յառաջդիմութիւնը ներս պիտի մտնէ բո՛ւն տէրերուն հետ…
ԳԻՍԱՒՈՐ
Հայկական Երգ Եւ Ժողովրդական Սովորութիւն
Տեսա՞ծ էք ցորենի արտեր` ամիսներու տապ ու խաշող արեւէ չորցած, ճաթռտած ու փրռեկտուած հողով, որոնց ի տես խեղճ մշակը յուսակտուր դէպի երկինք կը նայի ու ամպի ծուէն մը կ՛որոնէ ջինջ կապոյտ երկինքին վրայ: Անձրեւ մը` վարար-վարար, հեղեղանման անձրեւ մը` փրկութիւնն է իր ճակտի քրտինքով ցանած ցորենին, իր վաղուան յոյսին:
Ահա այսպիսի երաշտ օդերու. ցամքած արտերու տէր հայ գեղջուկ ժողովուրդը ստեղծած է սովորութիւն մը` իբրեւ դարման ու վերջին միջոց` բարերար ու փրկարար անձրեւ մը տեղացնելու համար: Այդ սովորութիւնը իր էական գիծերուն մէջ միեւնոյնն է թէ՛ թրքահայ եւ թէ՛ ռուսահայ ժողովուրդին քով` գաւառէ գաւառ, գիւղէ գիւղ փոքրիկ տարբերակներով:
«Տղայ մը ցնցոտիներով կը պարուրեն, գլխուն կ՛անցընեն թիթեղեայ ահագին տուփ մը, որուն վրայ կը դնեն պարկ մը, ձեռքը կու տան խաչափայտի ձեւով երկար ձող մը` մէջքն ալ ագուցանելով երկար պարան: Քանի մը տղաք կը սկսին այս տղան պտտցնել փողոցէ փողոց, տունէ տուն, կտուրէ կտուր` խաղ ու տաղ կանչելով, ծափ ու դափ զարնելով» (Արեւելք, 1904 թ. 5654):
Այս տձեւ տղան կը կոչուի մերթ «Նուրին» եւ մերթ «Չիչի մամա»: Ահա եւ իր երգը.
Չիչի մաման ի՞նչ կ՛ուզէ,
Աստուծմէ արգեւ կ՛ուզէ,
Փեսային փարայ կ՛ուզէ
Տոլապէն հացիկ կ՛ուզէ:
Չիչի մաման ո՞ւր կ՛երթայ,
Մամուն բունկալը կ՛երթայ,
Հաւ ու հաւկիթ դողանայ,
Լուսաւորչին զստում տայ:
Չիչի մաման մուրիկ,
Լաւաշ բլիթ բեր քուրիկ,
Աստուծմէ ցօղ ցօղանայ:
Տաղ պարչադ պարարտանայ:
Նուրին նուարին էկել ա,
Ազրա նուրին եկել ա,
Շիլա շապիկ հագել ա,
Կարմիր գօտիկ կապել ա:
Չու բերէք թաթը դընենք,
Եզ բերէք պորտը քսենք,
Ջուր բերէք գլխին թափենք,
Երկնքի դուռէ բացենք:
«Պառաւ մամեր պատուհաններէ ու դռներէ անդադար ջուր կը թափեն «Նուրին»-ի գլխուն, նուէրներ տալով» (Անգ.):
Հ. ԵՓՐԵՄ ՊՕՂՈՍԵԱՆ