Ըստ Դրամական Միջազգային Ֆոնտին. Յունաստանի Փրկութեան Համար Մինչեւ 2015 Յաւելեալ 11 Միլիառ Եւրօ Անհրաժեշտ Պիտի Ըլլայ
«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Դրամական միջազգային ֆոնտի զեկուցումին, կը հաղորդէ, որ Յունաստանը փրկելու համար միջազգային վարկատուները ստիպուած պիտի ըլլան 2014-ին յատկացնել 4.4 միլիառ եւրօ, իսկ 2015-ին` 6.5 միլիառ եւրօ, իբրեւ արդիւնք բարեյաջող դիպաշարի պարագային օգնութիւնը պիտի կազմէ 11 միլիառ եւրօ:
Ֆոնտէն յայտնած են, որ այս գումարը կրնայ աճիլ այն պարագային, եթէ կառավարութիւնը ի վիճակի չըլլայ սեփականաշնորհման ծրագիրը իրականացնել անհրաժեշտ ծաւալներով:
CATEGORIES Միջազգային