Փենթակոն Կրնայ 135 Հազար Հոգիով Կրճատել Ամերիկեան Բանակի Զինուորներու Թիւը

Չաք Հէյկըլ

«ՌԻԱ-Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ յայտարարած է, որ Փենթակոն կրնայ ամերիկեան բանակին մէջ ծառայող զինուորներուն թիւը 135 հազար հոգիով կրճատել, եթէ Միացեալ Նահանգներու պիւտճէին մէջ շարունակուին պաշտպանութեան մարզին համար յատկացուող միջոցներու կրճատումները:

«Որոշումը տակաւին չէ որդեգրուած, սակայն ներկայիս ծառայութեան մէջ գտնուող զինուորներուն թիւը կրնայ 70 հազար հոգիով կրճատուիլ, իսկ պահեստային զօրքերուն` 65 հազար հոգիով», յայտնած է Հէյկըլ:

Ըստ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարին, իրենք իշխանութիւններուն կողմէ առաջարկուած ծրագիրին որդեգրման պարագային ստիպուած պիտի ըլլան ընտրութիւն կատարել զինուորներու թուաքանակի կրճատման եւ մարտունակութեան միջեւ:

Ըստ այդ ծրագիրին, յառաջիկայ 10 տարուան ընթացքին պաշտպանութեան մարզին մէջ 500 միլիառ տոլարի կրճատում պէտք է կատարուի:

Share this Article
CATEGORIES