Վենեզուելայի Իշխանութիւնները Պատմած Են Նախագահին Դէմ Պատրաստուած Մահափորձի Մասին
Վենեզուելայի ներքին գործոց նախարար Ռոտրիկես Թորես բացայայտած է նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի դէմ պատրաստուած մահափորձի մանրամասնութիւնները:
Lenta.ru կայքէջը կը հաղորդէ, որ ըստ ծրագիրին, նախագահին վրայ կրակ պիտի բանար արձակազէնը, որմէ ետք կ՛ենթադրուէր, որ յարձակում պիտի կատարուէր երկրի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կեդրոններուն դէմ: Ըստ անոր, մահափորձը ծրագրուած էր 24 յուլիսին:
Ըստ Ռոտրիկես Թորեսի, մահափորձի նախապատրաստութիւնը սկսած էր ապրիլ 2013-ին` նախագահական ընտրութիւններէն քիչ ետք: Դաւադրութեան մասնակիցներուն շարքին նախարարը նշած է քոլումպիացի նախկին նախագահ Ալվարօ Ուրիպէն, Հոնտուրասի նախկին նախագահ Ռոպերթ Միչելիթին, քուպացի յայտնի ահաբեկիչ Փոսատա Քարիլեսը, ինչպէս նաեւ «Սի.Այ.Էյ.»-ի անյայտ աշխատակից մը:
Բացի ատկէ, մահափորձի ծրագիրին աջակցած են «ծայրայեղ աջակողմեան ուժերը», ներառեալ` նախագահի ընդդիմադիր թեկնածու Էնրիքէ Քափրիլես:
Դաւադիրներու հանդիպումները տեղի ունեցած են Քոլոմպիոյ մայրաքաղաք Պոկոթայի մէջ, նաեւ Փանամայի եւ Մայեմիի մէջ: Թորես չէ բացայայտած, թէ մահափորձը ինչպէ՛ս կանխարգիլուած է:


