Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը Իրանի Դէմ Պատժամիջոցները Խստացնող Օրինագիծ Մը Որդեգրեց
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը 31 յուլիսին որդեգրած է օրինագիծ մը, որ կը խստացնէ Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան տնտեսական պատժամիջոցները:
Բանաձեւը որդեգրուած է 400 թեր եւ 20 դէմ քուէներով:
Օրինագիծը կը նախատեսէ նոր արգելքներու սահմանում Իրանէն քարիւղի ներմուծման համար: Օրինագիծին մէջ մասնաւորաբար կը յայտարարուի մինչեւ 2015 միջազգային շուկաներուն մէջ իրանեան քարիւղի վաճառքը ամբողջովին արգելակելու նպատակը: Բացի ատկէ, խօսքը կը վերաբերի իրանեան ընկերութիւններու «սեւ ցուցակ»-ի ընդլայնման, ինչպէս նաեւ արտասահմանի մէջ գտնուող դրամատնային հաշիւներէն Թեհրանի ներկայացուցիչներու օգտուելու կարելիութեան սահմանափակումին:
Նախքան փաստաթուղթը նախագահի ստորագրութեան ուղարկելը, Ծերակոյտը եւս պէտք է որդեգրէ զայն:
2010-ի յունիսէն ի վեր Քոնկրեսը չորս անգամ խստացուցած է Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները: Ամերիկացիներուն հետապնդած գլխաւոր նպատակը Իրանի ղեկավարութեան վրայ ճնշումը ուժեղացնելն է, որպէսզի հարկադրուի կատարել միջազգային պարտաւորութիւնները եւ հրաժարի հիւլէական զէնք ստեղծելու փորձերէն:

